Թ. Շ.
Կիրակի, Յունուար 18ի յետմիջօրէին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ընդառաջած էր արդարութեան տենչով տարուած հոծ բազմութիւն մը, որ բերնէ-բերան լեցուցեր էր Վիլէթի աւազանին մէջ խարսխած «Անաքօ» տափանաւը: Անոնց մէջ ուշագրաւ էր ոչ-հայ Թուրքիոյ քաղացիներու կարեւոր ներկայութիւնը:
Ձեռնարկը սկսաւ Հիւսէյն Քարապէյի «Aucune obscurite ne nous fera oublier» («Ոչ մէկ խաւար պիտի կ՛արենայ մեզ մոռցնել տալ») ժապաւէնին ցուցադրութեամբ: Շատ հետաքրքրական աշխատութիւն մը. հեղինակը՝ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան եւ թաղման տեսարաններէն ներշնչուելով՝ սեւ-ճերմակ կենդանի պատկերաշար մը պատրաստած է, որուն կ՛ընկերակցի Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլի դամբանականը, իր իսկ ձայնով:
Այնուհետեւ, Աստղիկ Գառնիկեան արտասանեց բացման խօսքը, իսկ լրագրողուհի Վիլմա Գույումճեան-Թաճիրեան զեկուցեց դատավարութեան ներկայ վիճակին մասին:
Ապա, ընթերցուեցան Հրանդի գրութիւններէն հատուածներ Աստղիկ Գառնիկեանի եւ թուրք դերասանուհի Սելին Ալթըփարմաքի կողմէ, ֆրանսերէնով, որ հանդիսութեան մնացեալ բաժինին ալ լեզուն եղաւ:
Մարալ Քերովբեան լայն հատուածներ կարդաց Լոռ Մարշանի եւ Կիյոմ Փերիէի «La Turquie et le fantome armenien: sur les traces du gnocide» («Թուրքիան եւ հայկական ուրուականը. ցեղասպանութեան հետքերով») հատորին Թաներ Աքչամի ստորագրութիւնը կրող նախաբանէն:
Այս բոլոր ներկայացումները եւ ելոյթները տեղի ունեցան երաժշտական ընդհատումներով, որոնց երաժիշտ Սելչուք-Իլքեր Չաքալ (սազ) բերաւ իր մասնակցութիւնը. երգերով իրեն ընկերացան Շուշիկ, Մարալ եւ Վերժին Քերովբեան: Երկու երգ երգեց նաեւ Եղսօ:
Ծովինար Մկրտչեան ալ դաշնակով՝ Կոմիտասէն կտոր մը հրամցուց ներկաներուն:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Տինք Հիմնադրամ»ի ժապաւէններու մրցումին պարգեւատրուած Մարալ Քերովբեանի «Միւսը» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ:
Նախորդ տարիներու նկատմամբ այս տարուան յուշահանդէսը, որ աւելի կոկիկ յայտագիր մը ունէր, տեւեց շուրջ մէկ ու կէս ժամ:
Հոս հարկ է նշել, թէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, որոշուած էր Տինքի սպանութիւնը այլեւս ընդգրկել Հայ Դատի ծիրին մէջ:
Այս առնչութեամբ ընդգծուեցաւ, թէ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ պէտք է փարիլ արդարութեան, քան՝ լոկ ճանաչման, ինչ որ հանգուցեալ լրագրողին ալ պաշտպանած գաղափարախօսութիւնն էր: Այս առումով, Տինքի յիշատակին կազմակերպուած ոգեկոչումները ինքնաբերաբար կը վերածուին հայկական արդար պահանջներու հետեւողական քայլերու: