ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդի եւ կրթական խորհուրդի ընտրութիւններու քուէաթղթիկները պիտի սկսին բնակարանները հասնելու: Անոնք, որոնք քուէարկելու համար ցարդ չեն արձանագրուած, պէտք արձանագրուին մինչեւ Փետրուար 9։
Այս մասին տեղեկութեանց համար, կապուիլ Պըրպենքի Հայ Դատին՝ media@ancaburbank.org հասցէով կամ (818) 562-1918 թիւով։
Քաղաքը որդեգրած է նամակատան միջոցաւ քուէարկութեան դրութիւնը միայն:
«Ձեր քուէաթղթիկը կարելի եղածին չափ կանուխ ղրկեցէք: Որեւէ հարցումի համար կրնաք դիմել Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ Յակոբ Հերկէլեան:
Ամբողջացուած բոլոր թղթիկները պէտք է քաղաքի քարտուղարին գրասենեակը հասնին մինչեւ Փետրուար 24, որ նախնական ընտրութեանց վերջին օրն է։
Յիշեցնենք, որ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցի հետեւեալ թեկնածուներուն.
– Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն՝ Էմըլի Կէյպըլ Լատի.
– Պըրպենքի կրթական խորհուրդի ընտրութիւններուն՝ Արմոնտ Աղախանեան, Սթիւ Ֆըրկըսըն, Վահէ Յովհաննէսեան եւ Ռապըրթա Ռէյնըլտզ:
Ուշադիր ըլլալ, որ կրթական խորհուրդի ընտրութիւններուն պէտք է քուէարկել միայն երեք թեկնածուներու, հակառակ անոր, որ Հայ Դատի յանձնախումբը չորս թեկնածուներու նեցուկ կը կանգնի՝ քուէարկողներուն ձգելով անոնցմէ երեքը ընտրելու որոշումը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ քաղաքի հայութեան, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ սոյն քուէարկութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.