ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ պիտի կազմուի խորհրդարանականներու խումբ մը, որ պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ Բերձորի միջադէպը քննարկելու համար:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը: «Ես զրուցել եմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի նախագահի հետ: Այնտեղ մեր պատգամաւորները կ՛արժանանան պատշաճ ընդունելութեան, կը ստանան իրենց յուզող հարցերի պատասխանները», նշած է Սահակեան՝ աւելցնելով, որ խումբին մէջ պիտի ներառուին իւրաքանչիւր խմբակցութենէ մէկական ներկայացուցիչ:
Գալուստ Սահակեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ քննարկման ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորները առաջարկած են ստեղծել Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողով, որ այդ հարցով պիտի զբաղի: «Ես ժամանակաւոր յանձնաժողովի ստեղծումը նպատակայարմար չեմ համարում: Մենք ունենք միջխորհրդարանական յանձնաժողով, որի շրջանակներում էլ կը ձեւաւորուի խումբը», դիտել տուած է Գալուստ Սահակեան:
Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Բերձորի միջադէպի գծով հետապնդում կը կատարէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դատախազութիւնը:
Բերձորի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մանրամասնութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ քննարկելու համար պատգամաւորական խումբ ձեւաւորելու առաջարկով հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.