Ուրբաթ, Յունուար 23ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն ներս մեծ խանդավառութիւն տիրեց, երբ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ այցելութիւն մը կատարեց վարժարան ու հանդիպում ունեցաւ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան հետ։
Շիֆ աշակերտութեան ներկայացուց քոնկրեսականի մը եւ առանձնապէս իր պարտականութիւնները, ապա անդրադարձաւ Ամերիկեան եւ միջազգային գլխաւոր երեւոյթներու:
Երկրորդականի աշակերտները մեծ լրջութեամբ ունկնդրելէ ետք Շիֆի ելոյթը, պատշաճ հարցումներով դիմեցին իրեն: 12րդ կարգէն Խաչիկ Պօղոսեան խնդրեց Շիֆի պատգամը՝ ուղղուած հայ համայնքին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: «Եթէ ոչ հիմա, ապա ե՞րբ է ժամանակը ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը», պատասխանեց ան եւ ըսաւ, որ տակաւին կարելի է գտնել վերապրողներ, որոնք կու գան փաստելու այս իրողութիւնը, «սակայն դժուար է ճամբան», աւելցուց ան:
Քոնկրեսականը համոզում յայտնեց, թէ այդ օրը, երբ Թուրքիան պիտի ընդունի իր գործած Ցեղասպանութիւնը, հեռու չէ: Ան յայտնեց նաեւ, թէ սփիւռքահայութիւնը մեծ դեր կը խաղայ Ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ:
«Մեր աշակերտութիւնը ցոյց տուաւ, որ ինք հետաքրքրուած է ազգային հարցերով եւ ունի յանձնառու կեցուածք», ըսաւ վարժարանի Հայկական բաժինի պատասխանատու Անահիտ Նասոյեան։
Այցելութեան աւարտին, տնօրէն տոքթ. Մանուկ Սէրայտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Էտըմ Շիֆին՝ անոր նուիրելով արուեստի ուսուցչուհի Անի Վարդանեանի գործերէն մէկը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յուշանուէր մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.