
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 5 Փետրուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հանդիպումը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժային հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2014ի դեկտեմբերեան վեհաժողովի որոշումներու գործադրութեան հարցերը՝ ուղղուած ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող խնդիրներ:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են 2015 թուականին ՀԱՊԿի շրջանակներուն մէջ ծրագրաւորուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման ու կայացման խնդիրները, Հայաստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿի հաւաքական խաղաղապահ ուժերու «Անսասան եղբայրութիւն-2015» միացեալ զօրավարժութեան եւ խաղաղապահութեան նուիրուած ռազմավարական քաղաքական ֆորումի նախապատրաստման ընթացքը:
HAPK e vstaheli e vor nstes irents het hartser knnarkes?lav klhagher ek khaghum mer es dzhbakht azgi het vore shutov k kori depi Amerika.Rusastani haiern el nuinpes vorpesi irents kianke azaten.Pogromnere der chen sksel !