– Թրքական «Աքշամ» թերթը կը գրէ, որ արդէն իսկ 36 երկիրներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին նուիրուած պետական տօնակատարութեան։ Ցարդ մասնակցութիւնը հաստատողներուն մէջ են այդ ճակատամարտին մեծաթիւ զոհեր տուած Մեծն Բրիտանիոյ (Չարլզ իշխանը՝ իր որդւոյն հետ), Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճան, Ալպանիա եւ Սոմալիա։ Հրաւէրներ ուղարկուած են 102 պետութիւններու։
– Ատրպէյճանցիներ ստորագրահաւաքի արշաւի մը սկսած են, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջելու համար, որ «պատերազմի յանցագործ» նկատէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, անոր «ռազմական եւ քաղաքական նախայարձակ դիրքին համար»։ Ստորագրահաւաքին ցարդ մասնակցած են 24,000 ատրպէյճանցիներ եւ թուրքեր։
– Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Զինուորական սպասարկութեանց յանձնախումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին յաւակնորդ Էշթըն Քարթըր խոստացած է արագացնել Յորդանանին զէնք ծախելու հոլովոյթը՝ նշելով, որ «Իսլամական պետութիւն»ը պարտութեան մատնելու համար՝ «գետնի վրայ գործընկերներու կարիքն ունինք»: Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը, զէնքի մատակարարումը արագացնելու հարցը այս շաբթուան ընթացքին արծարծած էր նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.