Սիտնիի հայերը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով կազմակերպած են իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը: Անոնք կոչ ուղղած են արիւն յանձնելու երկրի Կարմիր Խաչի գրասենեակին եւ հայու արիւնով փրկել մարդոց կեանքեր:
Նախաձեռնութեան հեղինակներն են Հայկազուն արք. Նաճարեան եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը: Կազմակերպիչները ներկայացուցած են Փետրուարի ժամանակցոյցը: Անոնք կոչ կ՛ուղղեն Կարմիր Խաչի կեդրոնին մէջ արիւն յանձնելու ընթացքին լուսանկարուիլ եւ լուսանկարը տեղադրել twitter-ի կամ instagram-ի մէջ՝ հետեւեալ «հաշթեկ»ներով #armenianblood I gave blood in memory of the Armenian Genocide #turkeyfailed:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.