Նախարար Նալբանդեան յատուկ ներկայացուցիչին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատպէյճանի զինուորական ուժերուն կողմէ Արցախի հետ շփման գիծին եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ աւելի յաճախակի դարձած յարձակումներուն վրայ:
«Անցեալ շաբաթուայ վերջին, Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովին, Ատրպէյճանի նախագահի հրաժարումը՝ ընդունել միջնորդների կողմից առաջարկուած միջազգային իրաւունքի յայտնի երեք սկզբունքները՝ որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմք, ու նրա արտայայտած դիրքորոշումները վկայում են միջազգային հանրութեան կոչերի նկատմամբ արհամարհանքի ու առաւելապաշտական գծի շարունակման մասին», ընդգծած է նախարար Նալբանդեան:
Նալբանդեան նշած է, որ Պաքու շարունակաբար կը մերժէ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումները՝ հրադադարի ամրապնդում, արձակազէններու հեռացում եւ սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան համակարգի ստեղծում՝ հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու դիմումներուն, եւ իր ապակառուցողական դիրքորոշումով արգելք կը հանդիսանայ բանակցային գործընթացի յառաջընթացին:
ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.