ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա զէնքի գնման մրցոյթի արդիւնքներուն հրապարակումը արհեստականօրէն կը ձգձգէ՝ փորձելով գնումը կապել Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ զայն ուրանալու իր ջանքերուն հետ:
Արդարեւ, թրքական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ հաշուի առնելով Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու վերաբերմունքը՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն նկատմամբ, Անգարա միայն Ապրիլ 24էն ետք որոշում պիտի տայ քանի մը միլիառ տոլար արժող գործարքին վերաբերեալ, որուն շնորհիւ՝ երկիրի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին համար ձեռք պիտի բերուին արդիական համակարգեր։
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնատար մը ըսած է. «Մենք համաձայնեցանք կառավարութեան ղեկավարներուն հետ՝ չաճապարել որոշում կայացնելու մէջ: Մինչեւ Ապրիլ 24, որոշում կայացնելու մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ»։
Թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը հաւաստիացուցած է, որ պետութիւնը նախ կը փափաքի տեսնել Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի դիրքորոշումը՝ Ցեղասպանութեան հարցով, որմէ ետք միայն համաձայնագիր պիտի կնքէ: «Մեր վերջնական որոշումին մէջ նկատի պիտի առնուին, թէ այս երկիրները ինչպէ՛ս պիտի մօտենան հարիւրամեակի միջոցառումներուն», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.