ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ամուսնալուծումներու մնայուն աճ կ՛արձանագրուի: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Արդարադատութեան նախարարութեան «Քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման գործակալութեան» պետ Արգամ Ստեփանեանը:
«Եթէ անցած տարի գրանցուել է թուով 3900 ամուսնալուծութիւն, ապա այս տարի դրանց թիւը 4600ն է, որը 15 տոկոսով գերազանցում է նախորդ տարուայ ցուցանիշը», ըսած է ան:
Ամուսնալուծումի պատճառներուն մասին խօսելով՝ փաստաբան Լիանա Բալեան նշած է, որ անոնց մէջ յատկապէս կարելի է յիշատակել արեւմտեան բարքերու, ընկերային ցանցերու, պատկերասփիւռէն սփռուող ֆիլմաշարերու ազդեցութիւնը: «Ամուսնալուծութեան համար մեզ ամէնից յաճախ դիմում են 90ական թուականների ներկայացուցիչները: Նոր սերունդը բաւական թեթեւ է վերաբերւում բաժանութեանը, իսկ առաւել դժուար որոշում են կայացնում մարդիկ, ովքեր 20-30 տարի եւ աւելի ամուսնացած են, ընտանեկան արժէքները նրանց մօտ ամուր հիմքի վրայ են գտնւում», յայտնած է ան:
Փաստաբանը նշած է, որ 2014ի Օգոստոսին հանդէս եկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի նախագահին եւ արդարադատութեան նախարարութեան առաջարկելով ամուսնալուծութեան գործընթացին մէջ ներգրաւել հոգեբանը՝ որպէս երրորդ անձ, քանի որ շատ յաճախ հոգեբանի հետ կատարուած խորհրդատուութիւնները կը հարթեն հակասական իրավիճակները եւ կը փրկեն ամուսնութիւնը:
«Երկիր»ի թղթակիցը հարցուցած է, որ Հայաստանի մէջ արդեօք ընդունուա՞ծ է կնքել ամուսնական համաձայնագիրներ՝ ամուսնալուծութեան պարագային գոյքային եւ այլ վէճերէ խուսափելու համար. Լիանա Բալեան պատասխանած է, որ ամուսնաընտանեկան օրէնսգիրքի 27րդ յօդուածը նախատեսուած է՝ կարգաւորելու նման հարցերը, այսինքն՝ ամուսինները կրնան կնքել պայմանագիր, բայց հայկական մտայնութեան պատճառով զոյգերը նման քայլի չեն դիմեր, հակառակ անոր որ անիկա մեծապէս կ՛օգնէ հետագային բախումի իրավիճակներէ խուսափելու։
Հոգեբան Իրինա Ծատուրեանը յայտնած է, որ իր մասնագիտութեան բերումով հանդիպած է զոյգերու, որոնց հետ տարած հոգեբանական աշխատանքէն ետք անոնք հրաժարած են ամուսնալուծուելէ, եւ միայն զոյգերուն 5 առ հարիւրն է, որ դիմած է այդ քայլին։
Հոգեբանը նաեւ աւելցուցած է, որ ամուսնալուծութեան պատճառները շատ բազմազան կրնան ըլլալ՝ արտագնայ աշխատանք, կախուածութիւններ, զոյգերէն մէկու սեռային կողմնորոշում, որ քիչ կը պատահի, բայց լուրջ խնդիր է: «Կան նաեւ միայն մեր տարածաշրջանին բնորոշ պատճառներ, որոնցից մէկն էլ ծնողների միջամտութիւնն է ամուսնական ինստիտուտի ձեւաւորմանը», դիտել տուած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.