ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բայց Հայ Դատի պահանջատիրութեան պետական եւ համահայկական՝ հնչեղութիւն ապահովող 100ամեակի Հռչակագիրը այնքան աննախադէպ ոստում է պատմական տարողութեամբ, որոշապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ասդին, որ հայ քաղաքական միտքը իրաւացիօրէն կրնայ լուսանցքի մէջ պահել, գոնէ այս տարուան ընթացքին, զինք ներքնապէս կրծող ամէն կարգի հակասութիւնները, Հայ Դատի պահանջատիրութեան վերաբերեալ։
Այսինքն՝ այսօր ժամանակը չէ մեր ուժերը վատնելու թէ՛ «Հարիւրամեակ առանց ռեժիմի» շարժումին ռազմավարական դժգոհութիւններուն, թէ՛ վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 100ամեակի Հռչակագիրին ուղղուած դիւանագիտական քննադատութեանց վրայ։
Նախ՝ մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն հանդէպ ազգային մեր պարտքը կատարենք եւ մեծապետական աշխարհին, այլեւ ու մանաւա՛նդ Թուրքիոյ հետ 100ամեակի անխուսափելի առճակատումէն յաղթահասակ եւ բաց ճակատով դուրս գանք, յետոյ միայն՝ կողք-կողքի նստինք մեր Պետական Տան մէջ եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի առաւել հզօրութեամբ յառաջ մղենք Հայ Դատի պայքարը։
Մտահան չընենք, որ արտաքին ճակատի վրայ ծանրագոյն մարտահրաւէր կը դիմագրաւենք Թուրքիոյ կողմէ։ Անգարա տենդագին կ՛աշխատի, մեծապետական ուժի իր դիրքերուն ապաւինած, որպէսզի դիւանագիտական «շրջափակման» ու «պաշարման» ենթարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր հետեւանքներուն յաղթահարումը պահանջող Երեւանի եւ անոր շուրջ բոլորուած Հայկական Սփիւռքի ռազմավարական զօրաշարժը։
Սոսկ թրքական Ուրացման ծառայող դիւանագիտական լարախաղացութիւն չէ 24 Ապրիլ 2015ին Կալիփոլիի 100ամեակը տօնելու թուրք պետական նախաձեռնութիւնը։ Ցեղասպան պետութեան այդ քայլը փաստօրէն արգասիքն է տարիներէ ի վեր մշակուող այն ռազմավարութեան, որ հետամուտ է աշխարահաքաղաքական առումով նսեմացնելու Հայկական Հարցին էութիւնն ու նշանակութիւնը՝ զայն խեղաթիւրելով ու ներկայացնելով իբրեւ մեծապետական գաղթարարութեան հերթական… խաղաքարերէն մէկը։
Մէկ կողմէ՝ թրքական պետութիւնը շարունակ Հայաստանին ու հայութեան «կոչ կ՛ուղղէ», նոյնիսկ իբր թէ հաշտութեան «ձեռք կ՛երկարէ», որպէսզի չքաղաքականացնենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ զայն թողունք… պատմաբաններուն։
Իսկ միւս կողմէ՝ Անգարայի այսօրուան վարիչները Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թրքական Հանրապետութիւնը կը ներկայացնեն եւրոպական գաղթարարութեան «անմեղ զոհ»ի կարգավիճակով, որուն կռնակէն իբր թէ դաշունահարած են եղեր Օսմանեան կայսրութեան ատենի ազգային փոքրամասնութիւնները, անոնց շարքին՝ մանաւա՛նդ հայերը…
Կալիփոլիի ճակատամարտին 100ամեակը Ապրիլ 24ին տօնելով՝ թրքական պետութիւնը կը փորձէ այդպէ՛ս, կրկնակիօրէ՛ն հարուածի տակ առնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը։
Աւելի՛ն. հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանն ու հայութիւնը հարիւրամեակի Հռչակագիրով հեռաւորութիւն առին Հայ Դատի քաղաքական եւ հողային հատուցման ուղղակի պահանջատիրութենէն, այդուհանդերձ՝ «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» տրամաբանութեամբ, թրքական պետութիւնը արհամարհանքով կը նսեմացնէ հայեւթուրք երկխօսութեան ուղղութեամբ Հռչակագիրով երկարած հայկական ձեռքը։
Յայտնապէս թրքական պետութիւնը դեռ պատրաստ չէ, Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք ալ, սեփական պատմութեան հետ առերեսման գալու եւ պատասխանատուութեան իր բաժինը ստանձնելու։
Ընդհակառակն՝ Ուրացման եւ խուսափումի թուրք պետական քաղաքականութիւնը նոր մագլցումի առաջնորդելով, Անգարայի այսօրուան իշխանութիւնները կը փորձեն Հայաստանն ու Սփիւռքը դնել Թուրքիոյ իբր թէ հաշտարար ձեռքը մերժելու մեղադրանքին տակ։
Փաստօրէն թրքական դիւանագիտութիւնը կ՛աշխատի առաւելագոյն չափով իր օգտին ծառայեցնել 100ամեակի Հռչակագիրով Հայաստանի ու հայութեան որդեգրած պետական պահանջատիրութիւնն ու երկխօսութեան… վարքագիծը…
Կասկածէ վեր է, որ մեծապետական աշխարհի խաղականոններուն հետ քայլ պահելու հրամայականով պայմանաւորուած է Հռչակագիրին պահած հեռաւորութիւնը՝ հողային եւ քաղաքական մեր անժամանցելի պահանջներուն ուղղակի շեշտադրումէն։
Հետեւաբար, որքան թրքական պետութիւնը հարուածի տակ առնէ Հայաստանի ու հայութեան քաղաքական ու դիւանագիտական շրջահայեցութիւնը, այնքան մեծապետական աշխարհը յուսահատութեան գիրկը կը մղէ յանուն Արդարութեան եւ իրաւունքի՝ Հայ Դատի մեր պայքարը։
Ազատ ու Անկախ Հայաստանէն զուրկ ըլլալով հանդերձ, յիսնամեակ մը առաջ, իրաւատէր հայութիւնը իր մէջ գտաւ «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» պահանջելու արար-աշխարհին ներկայանալու հաւաքական ուժը։
Իսկ Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, երբ քառորդ դարէ ի վեր վերականգնած ենք Հայաստանի անկախութիւնն ու ազգային մեր պետականութեան ազատութիւնը, տարակոյս պէտք չէ ունենալ, որ թրքական շարունակուող Ուրացումն ու մեծապետական աշխարհի պիղատոսեան ձեռնթափութիւնը ի վերջոյ իւղ կը թափեն Հայկական բարձրաւանդակի առկայծ կրակին վրայ։