ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 27 Փետրուարին՝ ժամը շուրջ 20:40ին, N զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող մարտական դիրքին մէջ, նոյն զօրամասի ժամկէտային զինուոր Ալբերտ Սաֆարեան, ըստ նախնական տուեալներու, իրեն ամրակցուած ինքնաձիգով մահացու հրազէնային հարուած հասցուցած է ինքնիրեն եւ մահացած է։ Իսկոյն յարուցուած է քրէական գործ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 110րդ յօդուածի առաջին մասով՝ ինքնասպանութեան հասցնելը:
2 Մարտին հաղորդուեցաւ, որ Ալբերտ Սաֆարեանի մահուան դէպքին առիթով Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան վարոյթին մէջ քննուող քրէական գործով ձերբակալուած է 3 անձ՝ վաշտի աւագ, ենթասպայ Արայիկ Սուքիասեանը, ժամկէտային զինուորներ Գէորգ Ղազարեանը եւ Միհրան Յովակիմեանը:
«Ժամկէտային զինծառայողները կասկածւում են Քրէական օրէնսգրքի 359րդ յօդուածի 1րդ մասով եւ 359րդ յօդուածի 2րդ մասի 2րդ կէտով նախատեսուած յանցագործութիւններ կատարելու մէջ (մի խումբ անձանց կողմից զինծառայողների փոխյարաբերութիւնների կանոնագրքային կանոնները խախտելը նրանց միջեւ ստորադասութեան յարաբերութիւնների բացակայութեան դէպքում, որն արտայայտուել է ծաղրուծանակի ենթարկելով կամ հալածելով կամ ծեծելով կամ այլ բռնի գործողութիւններ կատարելով), իսկ վաշտի աւագը՝ Քրէական օրէնսգրքի 358.1 յօդուածի 2րդ մասով՝ զինուորական ծառայութեան պարտականութիւնները կատարելու կապակցութեամբ ստորադասին ծեծելը կամ նրա նկատմամբ այլ բռնութիւն գործադրելը», հաղորդած է Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
«Քրէական գործով նախաքննութիւնը շարունակւում է, ձեռնարկւում են անհրաժեշտ քննչական միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքների բազմակողմանի, օբյեկտիւ հետազօտումն ապահովելու ուղղութեամբ», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.