Նախաձեռնութեան նպատակն էր «Արարատ տան» եւ գաղութի քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն միջեւ կապերը ամրապնդել։ Այս հանդիպումը կը հանդիսանար առաջինը այս ծրագիրի ծիրին մէջ։
Տոքթ. Պալեան իր զեկոյցին ընթացքին ներկայացուց ՌԱԿի ծնունդը եւ հետագայ զարգացումները։ Ան անդրադարձաւ կուսակցութեան առաքելութեան եւ ազգային կարեւոր դերին՝ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ, ինչպէս նաեւ նշեց միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ Հայ Դատին եւ պահանջատիրութեան առնչութեամբ, յատկապէս՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ յառաջիկայ տարիներուն։ Ան եզրափակեց՝ հաղորդելով, որ ՌԱԿի Շրջանային վարչութիւնը երկարամեայ զօրակցութիւն ցոյց տուած է եւ կը շարունակէ սատարել «Արարատ տան»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.