«Կլենտէյլի Եռեակ»ին մաս կը կազմեն Ռոպերթօ Քանի (ջութակ), Արմէն Կիւզէլիմեան (դաշնակ) եւ Ռուսլան Պիրիուքով (թաւջութակ)։ Ընթացքին պիտի ներկայացուին Առնօ Պապաճանեանէն եւ Շոսթաքովիչէն ստեղծագործութիւններ։
Արմէն Կիւզէլիմեանի մեծ մայրը Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով որբացած է ու փախուստ տալով՝ Եգիպտոս հասած, Յունաստանի ճամբով։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Առաջին Մկրտչական եկեղեցւոյ մէջ (First Baptist Church of Glendale, 209 N. Louise St.), իսկ տոմսերու գինը 15-100 տոլար է։
Հասոյթէն մաս մը պիտի նուիրուի ՀԲԸՄին եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (323) 663-3601 թիւին կամ այցելել www.glendalephilharmonic.com կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.