Կիւզէլեան, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն էր, Պոլսոյ Կետիկփաշա թաղամասի Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ հիմնած էր Պոլսոյ Պատանեկան Տունը, եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած՝ հարիւրաւոր իսլամացած հայ պատանիներ Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ փնտռելու եւ զանոնք ցուլումէ փրկելու գործին: Այդ ազատագրուած պատանիներուն մէջ էին նաեւ Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինք:
Անգլերէնի թարգմանուած սոյն գիրքի շնորհահանդէսը՝ կազմակերպութեամբ ԱՀԱԸի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՀԱՀԱԵՄ) Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 South Louise Street, Glendale, CA)։
Ձեռնարկին ընթացքին Հրանդ Կիւզէլեանի գործունէութեան տարբեր երեսներն ու անոնց ձգած ազդեցութիւնը պիտի ներկայացնեն իրաւաբան Էտուին Մինասեան, վեր. Վաչէ Էքմէքճեան՝ հովիւ Տաունիի Էմմանուէլ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, եւ Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն: Յայտագիրը պիտի վարէ դոկտ. Յասմիկ Պարան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Ներկաներուն տրամադրելի պիտի ըլլան նաեւ Կիւզէլեանի հատորին անգլերէն թարգմանութենէն օրինակներ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել ԱՀԱԸի կեդրոնատեղին՝ (201) 265-2607 թիւով, կամ ՀԱՀԱԵՄի գրասենեակ՝ (818) 500-8839 թիւով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.