Կարճատեւ, 15 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնին մէջ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան եկած զբօսաշրջիկներու խումբին մէջ ծերունի մը կը փնտռէ Եփրատ գետը։
Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելելու ընթացքին ան ամէն անգամ գետի մը հանդիպելուն խումբին առաջնորդին կը հարցնէ. «Տղա՛ս, այս գետը Եփրա՞տն է»: Այդպէս, հարցնելով կը հասնին մինչեւ Նորավանք:
28 Մարտին Մոսկուայի շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը պատրաստ է Ռուբէն Փաշինեանի «Տղա՛ս, ո՞ւր է Եփրատը» պատմուածքի հիման վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.