Թեմի եկեղեցիները Կիրակի օր պարուրուած էին Ծաղկազարդի տօնի մթնոլորտով։ Ժողովուրդը, ձիթենիի ճիւղեր ի ձեռին՝ շրջապատեց պատարագիչ հոգեւոր հայրերը. մանուկներ եւ ծնողներ, թափօր կազմած՝ վերապրեցան Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը խորհրդանշող պահը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ թափօրի պահուն իր օրհնութիւնները բաշխեց հաւատացեալ ժողովուրդին, ապա օրուան յատուկ պատգամով մը վեր առաւ Ծաղկազարդի տօնի խորհուրդը՝ քրիստոնեայ աշխարհի կեանքին մէջ։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.