ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 30 Մարտին կառավարութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, զոր կատարեցին 100 աւելի ջերմոցատէրեր. անոնք կը բողոքէին մաքսանենգութեամբ Թուրքիայէն լոլիկ ներածելու երեւոյթին դէմ։ Որոշ ժամանակ անց անոնց հետ հանդիպում ունեցաւ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան, որ խոստացաւ յառաջիկայ երկու օրերուն լուծում տալ այդ հարցը։
«Խոստացաւ միջամտել, որպէսզի Թուրքիայից զարտուղի ճանապարհով լոլիկ չներկրուի: Կարծում եմ՝ վաղն արդէն դրական տեղաշարժ կ՛ունենանք: Եթէ մեր պահանջը չկատարուի, նորից կը հաւաքուենք, այս անգամ աւելի շատով», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ջերմոցատէր Ռազմիկ Համբարչեան:
Կանուխ առաւօտէն Հայաստանի տարբեր մարզերէ 100է աւելի ջերմոցատէրեր կառավարութեան շէնքին առջեւ կը պահանջէին դադարեցնել Թուրքիայէն մաքսանենգութեան ճամբով լոլիկի ներածումը, ինչ որ կը խոչընդոտէ իրենց բերքի սպառումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
yete menk turkerits lolik enk gnum uremn el veeeeeerdj sireli haier !