Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան համադրման հարցերը, անդրադարձ կատարուած է ռազմական եւ սպառազինութեան համագործակցութեան զարգացման, ահաբեկչութեան եւ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին:
Նախարարները քննարկած են Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2014ի դեկտեմբերեան նստաշրջանի որոշումներու գործադրութեան ընթացքը:
ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան զեկուցած է կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն մասին:
Նախարարները որոշած են 2015ին ՀԱՊԿի անունով կատարուելիք յայտարարութիւններու հիմնական տասը նիւթ, որոնցմէ երեքը՝ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.