
13 Ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքովը, որ Երեւան կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններուն մասնակցութեան նպատակով։
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, որ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու բաղկացուցիչ մէկ մասը կը հանդիսանայ: Նախարարը կարեւոր նկատած է միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ փոխգործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ անցեալ շաբաթ Մոսկուա կատարած իր այցելութիւնը լաւ առիթ էր անդրադառնալու նաեւ այդ բնագաւառին մէջ համագործակցութեան հարցերուն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ալեքսէյ Մեշքով անդրադարձած է արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կայացած խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են եւրոպական կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ երկկողմանի փոխգործակցութեան, եւրոպական կառոյցներուն հետ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համագործակցութեան շուրջ: