Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-լիբանանեան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներն ու տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատած են երկու երիրներու զինուած ուժերուն միջհամագործակցութեան զարգացումը երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ, այս տարուան Մարտին ստորագրուած երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրի ամբողջական իրականացումը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կազմակերպումը: Այս պարունակին մէջ նախարար Օհանեան Լիբանանի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն տալու Հայաստան։
Նոյն օրը նախարար Սէյրան Օհանեան տեսակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Ան այցելած է նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող նշանաւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է հայ ուսանողներուն հետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.