Պաշտպանութեան նախարարը վեհափառին պարզեց իր այցելութեան նպատակը, եւ իր ունեցած հանդիպումները Լիբանանի պետական պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի հայ գաղութին հետ: Վեհափառը իր կարգին բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Արցախի հայոց բանակներուն մարտունակ ոգին եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին, զայն նկատելով Հայաստանի ու Արցախի հզօրութեան ու հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան պաշտպանութեան ամուր երաշխիքը:
Ապա, նախարար Օհանեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընթրիքի հիւրը եղան հայրապետին: Մեկնելէ առաջ, հիւրերը այցելեցին Նահատակաց յուշամատուռը եւ իրենց յարգանքը ընծայեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.