
Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին 10,000 հայեր Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով քայլարշաւ կատարեցին Արժանթինի Քորտոպա քաղաքին մէջ։ Քայլարշաւի աւարտին տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան համերգ» խորագրեալ համերգը՝ «Պերսիւթ Վերկարապա»չ խումբին կատարողութեամբ։
Քայլարշաւին ներկայ էին Քորտոպայի փոխքաղաքապետը, կառավարութեան ներկայացուցիչներ, քաղաքակական գործիչներ եւ լրագրողներ։
«Ամբողջ Քորտոպայի ժողովուրդի ընկերակցութիւնը կը զգանք», յայտնեց Քորտոպայի հայ համայնքի նախագահ Էտուարտօ Թորոսեան։