
ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Ապրիլ 23ի ժամը 18էն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Ուրուկուէյի Հայ երիտասարդական միութիւններուն, տպաւորիչ քայլերթ մը սկիզբ առաւ Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետարանի աստիճաններէն մինչեւ Անկախութեան հրապարակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ կատարուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Աւելի քան 3000 մասնակիցներ, այդ երթին դերակատարները հանդիսացան: Երթը կը գլխաւորէին մեր երկրի յայտնի պետական անձնաւորութիւններ, անոնց մէջ զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, նախկին առաջին տիկին Լուսիա Թօփոլանսքի, Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետ Աննա Օլիվերա, տասնեակ մը ծերակուտականներ եւ պատգամաւորներ:
Երթին իրենց մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին քսանի չափ տեղական հասարակական կազմակերպպութիւններ:
Անկախութեան հրապարակի եւ Ուրուկուէյի ազատարար զօր. Արթիկասի յուշարձանի դիմաց, Ծիծեռնակաբերդի անմահ ջահը խորհրդանշող կրակի շուրջ, երիտասարդներ իրենց թեւերը խոնարհելով, շատ տպաւորիչ կերպով կազմեցին Ծիծեռնակաբերդի համալիրը:
Այս արարողութեան մաս կազմեց նաեւ իւրայատուկ համերգ մը, մասնաւոր սարքուած բեմի մը վրայ, ուր հայ եւ ուրուկուէյցի արուեստագէտններ ելոյթ ունեցան՝ պատգամ մը փոխանցելով թուրքին, թէ իր ցեղասպան արարքին դիմաց, մենք կը շարունակենք ապրիլ նաեւ մեր մշակոյթով: