ՊՈԼԻՍ.- Լրագրող Պեքիր Ճօշքուն վերի խորագիրին ներքեւ, «Սէօզճիւ»ի մէջ ունի յուզիչ յօդուած մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք.
«Ես գաղափար չունիմ այն մասին, թէ ի՞նչ պատահած է մէկ միլիոն հայերուն։
Ես միակ հայ մը ունէի։
Մօրս մահէն ետք, հայրս, որ պետական ծառայող էր, մեզի տարաւ մեծ մօրս մօտ։ Մեծ մայրս մեզ դիմաւորեց Ուրֆայի մերձակայ Թիւլմեն գիւղի արտերուն մէջ, մեծ տան մը մուտքին։
Թէեւ մանկութեանս յիշատակներէն շատերը սրբուած են, բայց կը յիշեմ, որ ան մեծ խնամք ցոյց տուած էր մեզի։
Մեծ մայրս այդ մեծ տան միւս կիներուն չէր նմաներ։ Երկար հասակ ունէր, բարակ մէջք մը, դեղին մազեր ու խաժ աչքեր։ Անունը Իւմմիւհան էր։
Ամբողջ ընտանիքը մեծ յարգանք ունէր անոր հանդէպ. ան շատ սիրուած էր եւ իրմէ յաճախ խորհուրդ կը հարցնէին։ Մասնաւորաբար հայրս, որ շատ կարծր բնաւորութիւն ունէր ու բարձր ուսում ստացած էր, յարգանքով կը մօտենար անոր ու այդ մօտեցումը ուշադրութիւնս գրաւած էր։
Մենք մեծցանք ու զուգահեռաբար սորվեցանք, որ ան մեր իրական մեծ մայրը չէր, խորթ էր եւ մեր մեծ մօր մահէն ետք միացած էր մեր ընտանիքին։
Ան հայուհի մըն էր։
Մեծ հայրս զայն գտած էր Եփրատի մերձակայքը, դէպի Սուրիա քշուած գաղթականներու կարաւաններէն եւ ամուսնացած էր անոր հետ։
Քիչ մը մեծնալէ ետք իրականութիւնը սորվեցայ ու այլեւս ինծի համար հասկնալի էր, թէ ինչո՞ւ այդքան մեծ թախիծ ու տրտմութիւն կար մեծ մօրս աչքերուն մէջ։ Այլեւս հասկնալի էր, թէ ինչո՞ւ այդ խրոխտ կեցող կնոջ մէջքը երբեմն երբեմն կը կքէր եւ ինչո՞ւ իր աչքերը կ՛արցունքոտէին։ Իր դէմքին վրայ միշտ անթաքոյց վիշտ մը կար։
Ահաւասիկ իմ հայկական հարցը…
Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պատահած է հայերուն հետ, ի՞նչ իմաստ ունին այս հարցին շուրջ բանավէճերը, ի՞նչ է իրականութիւնը։ Բայց կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ո՞վ է, որ իր ծննդավայրէն, իր բոյնէն հեռացուց իմ մեծ մայրս։
Կ՛ուզեմ հաշիւ պահանջել այն մարդոցմէ, որոնք անվերջանալի գաղթի դատապարտած էին մեծ մայրս, որ գաղտնի կը պահէր իր ցաւերը եւ որ հաւանաբար ամէն գիշեր անկողին կը մտնէր վիշտով ու արտասուքով։
Ես մէկ միլիոնի մասին չեմ գիտեր, բայց ես միակ հայ մը ունէի։
Այդ շատ սիրելի եւ վշտահար կինը։
Ի՛մ հայը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.