ՖՐԵԶՆՕ.- «Ֆրեզնօ Պի» թերթը կը հաղորդէ, թէ Ուիլեըմ Սարոյեանի վերջին 17 տարիներու Ֆրեզնոյի տունը հանդիսացած բնակարանը աճուրդի պիտի դրուի Մայիս 5ին, որովհետեւ անոր նախորդ տէրը չէ կրցած անոր պարտամուրհակները ժամանակին վճարել։
2729 W. Griffith Way հասցէին գտնուող բնակարանը Սարոյեանի մահէն ետք ունեցած է երեք տէրեր ու վերջին տարիներուն վարձու տրուած է, իսկ ներկայիս անխնամ վիճակի մէջ կը գտնուի։
Բնակարանին վրայ կը մնայ այն շքատախտակը, ուր նշուած են մրցանակակիր հեղինակին հոն ապրած ըլլալու եւ բնակարանին մէջ Սարոյեանին հեղինակած 10 ստեղծագործութիւններուն անունները։
Աճուրդը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի գաւառային դատարանին մէջ, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Առաջարկում եմ ազգային որեւէ կառոյց գնի այդ տունը եւ տուն-թանգարանի վերածի:
Այս բնակարանը դարձնել Կալիֆորնիայի տեսարժան վայրերից մէկը: Այդտեղ ներկայացնել Սարոյեանին վերաբերող պատմական նշանակութիւն ունեցող իրեր: