ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ Օ՛Ֆերըլի, Երեքշաբթի, Ապրիլ 21ի առաւօտուն, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ցեղասպանական արարքներու յիշատակման ձեռնարկ մը, որ համախմբեց քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններ եւ առաջնորդներ: Հայոց, հրեաներու եւ Ռուանտայի ցեղասպանական ծանօթ դէպքերուն նուիրուած ձեռնարկին նպատակն էր տարածել կրօնական բազմազանութեան ու համակեցութեան գաղափարները, հետապնդել ատելութեան եւ հալածանքներու դադրեցումը:
Հանդիպումը սկսաւ աղօթքով: Այնուհետեւ, քաղաքապետական խորհուրդին ներկայացուեցաւ բանաձեւ մը, որուն խորագիրն է՝ «Զօրակցութիւն կրօնական բազմազանութեան»:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Մանուկ Ա. սրկ. Չուլեան մասնակից եղաւ արարողութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.