ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Լոս Անճելըսի մէջ, 1979էն ի վեր գործող Իրաքահայերու ընտանեկան միութիւնը, այս տարի ազգային-հայրենասիրական երգերու եւ ասմունքի հոյակապ ձեռնարկով մը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու՝ մեր անգերեզման նահատակներուն, յիշատակը, պահանջելով արդար պատիժն ու հատուցումը այդ անմարդկային արարքներուն համար:
Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր միութեան Գործադիր վարչութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ տոքթ. Մարալ Տապպաղեանի, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 29, 2015ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «ԿԻՐԱԿՈՍ» ընդարձակ սրահին մէջ:
Հանդիսավարը՝ Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ, ծանօթ հրապարակագիր, երկարամեայ սարկաւագ Վահէ Չարխթեանը, իր բացման սրտաշարժ եւ տպաւորիչ խօսքին մէջ, ջերմօրէն ողջունեց առաջնորդ Յովնան սրբազանն ու վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարկիսոֆի տեղակալ Վալերի Մկրտումեանը եւ օրուան ձեռնարկը հովանաւորող ազգային հասարակական ծանօթ գործիչ՝ Վարդան Նազիրեանը:
Յաջորդաբար խօսք առին ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ, սքանչելի պետական մարդ հրապարակախօս Վալերի Մկր-տումեան, Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան եւ թեմիս առաջնորդ պերճախօս, բեմբասաց, Յովնան արք. Տէրտէրեան: Բոլոր խօսողներն ալ շեշտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու անհրաժեշտութիւնը, դատապարտեցին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում պահանջեցին մարդկային, նիւթական, բարոյական եւ մշակութային կորուստներուն համար: Բոլոր խօսողները յիշեցին նաեւ, թէ հակառակ անոր որ թուրք ոճրամիտ դահիճներուն նպատակն էր աշխարհի վրայէն բնաջնջել հայ ժողովուրդը եւ որպէս թանգարանի նմոյշ միայն մէկ հայ ողջ ձգել, անոնք չարաչար ձախողեցան, քանի որ այսօր հայութիւնը հայրենիքի, Արցախի եւ երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ապրելով, իր փայլուն ապագան կը կերտէ, աշխարհի աղը եւ համը դառնալով:
Այդ օր, խօսքի փոխարէն պատրաստուած յայտագիրով ամէ՛ն ինչ ըսուեցաւ: 12 երիտասարդ
շնորհաշատ երգիչներու կատարումները ամէ՛ն ինչ փոխանցեցին ներկայ հասարակութեան:
1. Արա Սահակեան, որուն ամերիկեան եւ հայկական օրհներգներու կատարումով սկսաւ հանդիսութիւնը, երգեց «Վաղ թէ ուշ» եւ «Ձայն մը հնչեց».
2. Արման Մարտիկեան՝ «Օտարութիւն».
3. Կարէն Դաքեսեան՝ «Հայ քաջեր», «Մենք քիչ ենք, սակայն հայ ենք».
4. Արշամ Պապերեան՝ «Երկիր հայրենի», «Ղարաբաղի ազատութեան մարտիկներ».
5. Շիրակ Պետրոսեան՝ «Հայոց կանայք», «Հաւատքի երգ».
6. Դաւիթ Սամուէլեան՝ «Ատանա», «Գետաշէն».
7. Արա Շահպազեան՝ «Մայր Ծնողի», «Քեռիին երգը», «Արմէնեան հողը».
8. Դալար Դաքեսեան, «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ».
9. Արմէն Դաքեսեան «Հայր իմ մանկուց», «Անուշ հայրենիք».
10. Շիրազ Եղիազարեան՝ «Հառաչանք», «Կիկօն».
11.Վարդգէս Չոլաքեան՝ «Ղարաբաղ», «Հայրենեաց սիրոյ համար».
12. Յովիկ Գրիգորեան՝ «Նորից շողաց», «Գարահիսար», «Ազգ փառապանծ».
Իւրաքանչիւր երգիչ իր ընտիր ձայնով, ուրոյն համով հոտով ու ոգիով կատարեց իր երգը, ժողովուրդին մէջ ոգեւորութեան, խանդավառութեան շարունակական ալիք մը բարձրացնելով եւ լիաթոք, միաբերան մասնակցելով երգիչներու կատարումներուն՝ հայաբոյր, հայրենաբոյր մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ: Մեր նահատակներու անմուրազ հոգին ո՛չ միայն կը սաւառնէր սրահին մէջ, այլեւ անդենականէն իրենց օրհնութիւնները կու տային կազմակերպիչ միութեան անդամներուն, երգիչներուն, նուագողներուն եւ ասմունքողներուն. «Օրհնեալ ըլլաք, հալալ ըլլայ ձեր մօր կաթը, կերած հացը: Ձեզմով կ՛ապրինք ու ապրեցանք ո՛չ միայն հարիւր տարի, այլեւ պիտի ապրինք տակաւին դար ու դարեր»:
Այդ երեկոյի փայլքն ու լուսաշող աստղերն էին նաեւ ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի եւ ՀԱԸ եկեղեցւոյ Փասատինայի Ալֆրէտ Յովսէփեան վարժարանի պարմանուհիներուն ելոյթները: Տիգրանեան վարժարանէն Անի եւ Լիլի Սարաֆեան քոյրերը վերջերս մասնակցած էին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ասմունքի համահայկական մրցումին, որուն մաս կազմած էին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ երկսեռ պատանիներ: Այս հրաշք քոյրերը շահած են մրցումին առաջնութիւնը: Այդ երեկոյ, Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք բայց հայ ենք» եւ «Մայրենի լեզու» բանաստեղծութիւնները արտասանելով, առաւել շուք տալով օրուան յայտագիրին, հմայեցին ներկաները, արժանանալով որոտընդոստ ծափահարութիւններու: Նմանապէս, Յովսէփեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Կարին Աղէկեան եւ Սեդա Այնթապլեան՝ Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկ» եւ «Առկայծ Ճրագ» բանաստեղծութիւնները արտասանելով, պարզապէս խռովեցին բոլոր ներկաներուն հոգիները, արժանանալով, ինչպէս ըսինք, հազարէ աւելի յորդահոս բազմութեան երկարատեւ ջերմ ծափերուն:
Մենք մեր հերթին ջերմօրէն կը շնորհաւորենք թէ՛ Տիգրանեան եւ թէ Յովսէփեան վարժարանի տնօրէնութիւնները, մասնաւորաբար այսպիսի սերունդ պատրաստող հայոց լեզուի թանկագին ուսուցիչ-ուսուչցուհիները:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ բոլոր երգիչներու «Հայորդիք, որ կ՛ապրիք դուք հեռու», «Կիլիկիա» եւ «Մեր հայրենիք» խմբերգներով:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներու եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի ձեռամբ բոլոր երգիչները յատուկ յուշատախտակով գնահատուեցան:
Այդ օր, մօտ հազարէ աւելի հանդիսականներու բաժնուեցան հայկական դրօշակներ:
Խօսք եւ բառ կը պակսին մեզի գնահատելու նուագախումբի անդամները, մանաւանդ անոնց ղեկավար՝ տոքթ. Արմէն Երջանիկ Պապայեանը, որոնք ձեռնհասօրէն կատարեցին ի-րենց պարտականութիւնը:
Յիշենք նաեւ, թէ այդ օր ելոյթ ունեցող բոլոր պատուական երգիչները եւ ասմունքողները կամաւորաբար կատարեցին իրենց պարտականութիւնը:
Ժողովուրդը խորագոյն գոհունակութեամբ եւ Կազմակերպիչ յանձնախումբին հազար շնորհակալութիւն յայտնելով բաժնուեցաւ սրահէն, նահատակներու պատգամը իր հետ տանելով, որ «պիտի յիշենք եւ պիտի պահանջենք»: Ոչ մէկ բան պիտի մոռցուի այս ցեղասպանութենէն, մինչեւ որ արդար հատուցումը ձեռք բերուի:
Այս Էջերը Կը Հովանաւորէ
Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը