ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մարդիկ կան, որոնք իրենց ապրած գաղութէն ներս, տարիներու վրայ երկարող իրենց կեանքի տեւողութեան շրջանին, իրենց անսակարկ ճիգով, խիղճով, օրինակով եւ լումայով, այդ գաղութին պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրած են յստակ եւ ազնիւ տողեր:
Մէկ խօսքով, նոյն այս հայ մարդոց կամ աւելի ճիշդ, նոյն իրենց ընտանիքին պատկանող անդամներու համեստ ներդրումով, այդ գաղութին գեղեցիկ եւ օրինակելի պիտակը եղած են եւ օր մըն ալ, ինքնաբերաբար, այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, գաղութը որոշ չափով նոյնիսկ իրենցմով՝ ձեւով մը ճանչցուած է: Միշտ եւ ամէն առիթով յիշուած են:
Այդ մարդոցմէ մէկն էր «Թաուիլ Եուսուֆը»՝ երկար Յովսէփը. բոլորին ծանօթ Յովսէփ Շիթիլեանը: Քիլիսցի էր ու հպարտ՝ իր ծննդավայրով: Իր երկար հասակին համար իրեն «թաուիլ» մակդիրը տուած էին:
Հալէպի մէջ ո՞վ չէր ճանչնար զինք։
Արտաքինին զուգահեռ, յատկանշական էր նաեւ իր պատուախնդիր, գթասիրտ ու բոլորին հասնող կերպարը: Անձայն օգնած էր բոլորին եւ լի ու լի վարձատրած:
Ամէն առիթնով իր լումայէն բաժին հանած էր բոլոր անոնց, որոնք դիմած էին իրեն: Հարուստ ծառայասիրութեամբ կեանք մը ապրած էր, սակայն նոյն այդ կեանքը լեցուցած էր հաստատ ու իմաստաւորուած իր բարիքներու անհատնում շարքերով:
Տեղացիին եւ հայուն համար ինք փրկարար մըն էր: Արաբերէնը հայերէնի նման թրքախառն, յաճախ ալ՝ անհասկնալի էր, սակայն ազգային կամ պետական ամէնէն դժուար հարցերուն իսկ ինք արդէն ունէր իր արդար խօսքը եւ դէպի յաջողութիւն առաջնորդող ներդրումը:
Քաղաքի ոստիկանապետէն մինչեւ նահանգապետը, մինչեւ պարզ քաղաքացին յարգանք ունէին իրեն հանդէպ. Պուսթան Քըլապի իր սրճարանը վկայ: Կ՛եղբայրանար բոլորին հետ, ակնկալութիւն չճանչցող մարդու նման:
Ու անոնք, որոնք զինք աւելի մօտէն ճանչնալու բախտը ունեցած են, ինծի հետ պիտի վկայէն, որ Թաուիլ Եուսուֆ մեծ հոգածու մըն էր, թէ՛ մեծին եւ թէ փոքրին՝ հաւասարապէս:
Հալէպը, անոր դարաւոր բերդին պէս, խարսխուած էր իր հոգիին մէջ: Աւելին, Սուրիան՝ իր բոլոր արձանագրութիւններով, մանրամասնութիւններով, հարուստ մեր հայրենի սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով, դրոշմուած էր իր էութեան մէջ:
Այսօր զինք յիշեցի:
Չեմ գիտեր ո՞վ եղաւ պատճառը, եւ կամ ինչպէ՞ս յանկարծ յուշերուս տոպրակէն դուրս բերի իր մասին բոլոր գրուած եւ չգրուած դրուագները, մանր ու մեծ պատմութիւնները:
Թերեւս Հալէպի ներկայ վիճակի նկարները տեսնելով ու լուրերը լսելով՝ միտքս ակամայ գնաց Թաուիլ Եուսուֆին:
Այսպէս, այդ հազարաձայն հեւքով մեր քաղաքին մէջ ինք մեծ էր եւ նոյնիսկ՝ այդ օրերու մեծերէն մէկը: Երբեմն կ՛ըսեմ՝ լաւ է, որ ինք եւ իր նմաննները չտեսան իրենց պաշտելի Հալէպի եւ հալէպցիներուն այսօրուան վիճակը: Այդ կողմէն՝ «բախտաւոր» են:
Օր մը, քաղաքապետարանի դաշտին մէջ ֆութպոլի մրցում կար: Կիրակի էր, ու մենք՝ երեք սրտակից ու մտերիմ ընկերներով, «գրպաննիս ծակ», անպայման կ՛ուզէինք խաղին ներկայ ըլլալ: Տակաւին երկրորդականի աշակերտներ էինք բոլորս ալ: Որոշեցինք դաշտի ետեւի բաժինի պատին վրայէն դաշտ ցատկել: Չերկարեմ: Շատ փորձեցինք ու ոչ միայն ձախողեցանք, այլ՝ դաշտը շրջապատող պահակ-ոստիկաններու կողմէ ալ ձերբակալուեցանք ու քաղաքամէջի մեծ ոստիկանատունը տարուեցանք իբրեւ «յանցագործներ»:
Վախ ու սարսափ արդէն մեր ոսկորներէն ներս մտած էին: Ամէնէն սոսկալին, ծեծ ուտելու կողքին մեր ծնողքին ու ակումբի տղոց առջեւ ամօթով մնալն էր: Ահա պատանի տարիքի տուրք:
Ու վախով-դողով, հազիւ ժամ մը անցուցած այդ աղտոտ բանտէն ներս, յանկարծ յայտնուեցաւ երկարահասակ, միայն իր դէմքով մեզի ծանօթ «այս մարդը»՝ Թաուիլ Եուսուֆը:
Մենք ո՜վ, ինքը ո՜վ: Եկաւ, երկաթէ ճաղերէն քիչ մը անդին կեցաւ ու մեզ վերէն վար չափելէ ետք, կանչեց ոստիկանը: Անոր հետ բաներ մը խօսեցաւ, մեզի համար այդ վայրկեանին անհասկնալի: Անկեղծօրէն, չհասկացանք ինչ ըսաւ: Իր կարգին ոստիկանապետն ալ եկաւ, ու այդ հսկայ մարդը մեր բանտին դուռը բանալ տուաւ:
Ապա, մեզ երեքով շարեցին մէկ կարգի վրայ: Ինք մօտեցաւ մեզի ու մէկական ապտակ իջեցնելով մեր երեսներուն՝ պոռաց. «Ութանմազներ, յայտէ՛, գասէք, կորսուեցէք»։
Երեքով վազեցինք դէպի դուրս՝ ազատութիւն: Չէր հարցուցած նոյնիսկ մեր անունները, մեր ծնողներուն ով ըլլալը կամ մեր ուր ապրիլը: Միայն ապտակ մը եւ… ազատութիւն:
Կարեւորը այն էր, որ հայեր էինք, ու իրեն համար հայու մը բանտարկուիլը ամօթ էր, անպատուութեան չափ ամօթ:
Լռակեաց նուիրում եւ ծառայասիրութիւն. ահա երկու զուգահեռ յատկանիշներ իր կեանքին եւ նկարագիրին:
Եւ տակաւին կը յիշեմ ՀՄԸՄի կազմակերպած Զատկուան Նաւասարդեան խաղերու շր-ջանին իր ճաշարանը, որ միշտ բաց էր բոլոր հիւրերուն առջեւ: Առատաձեռն էր: Պարկեշտութեամբ, վեհանձնութեամբ ու համեստութեամբ շաղախուած մթնոլորտին մէջ հասակ առած էին իր ընտանիքի անդամները: Մէկ խօսքով, իր զաւակներն ալ նոյն ձեւով դաստիարակուած էին:
Կ՛ըսէին, որ նոյնիսկ կախաղանէն մարդ կրնար իջեցնել: Ազդեցիկ էր ու բարեացակամ, խորհրդաւոր անցեալ ունեցող արմատներով:
Հալէպ. հոս կայ եւ տակաւին կը մնայ հայուն ինքնատիպ նկարագիրը: Անոր համար այս պատմական քաղաքը դարձաւ սփիռքահայ աւանդապահ մայր քաղաքը, ուր Թաուիլ Եուսուֆի նման հարիւրաւորներ եկան եւ համեստ ու լուռ՝ իրենց ծառայութիւնը մատուցին իրենց գաղութի ժողովուրդին:
Այս մարդոցմէ իւրաքանչիւրը մէկական հերոսներ էին. անոնց համար Հալէպի աշխարհը ուրիշ էր, որովհետեւ այս քաղաքը իր մէջ խորհուրդ ունէր: Հալէպ կար ու մինչեւ այսօր տակաւին տեսանելի է, կեանքէն սորված տառապանքի լեզուի կողքին, գոյատեւելու կամքը:
Հալէպի մեր ազգային պատմութիւնը լեցուն է թէ՛ շռայլ ու ամեհի դէպքերով եւ թէ ալ նման համեստ հերոսներով, որոնց պարզ ակնարկով կարելի չէ անդրադառնալ:
Ապագայ հայ պատմաբանին կ՛իյնայ այս մեծ բացը ամբողջացնելը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.