Հինգշաբթի, 30 Ապրիլի երեկոյեան, «Հայկազեան» համալսարանի լսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին տեղի ունեցաւ իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ» վերնագիրով գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Տինա Նորշահեան, որ յայտնեց, թէ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին՝ հայութիւնը կը սպասէր դարադարձային նոր հարցադրում մը՝ մեր զաւթուած հողերու վերադարձին հարցադրումը:
Ապա խօսք առաւ Գասպար Տէրտէրեան, որ իր գիրքին բովանդակութեան անդրադառնալով, զեկուցում ներկայացուց: Տէրտէրեան ընդվզումով յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը իրաւագիտութիւնը չի սիրեր՝ Մխիթար Գօշի օրէն ի վեր:
Իրաւաբանը շարք մը փաստարկումներով շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի հողային պահանջատիրութեան մէջ զօրաւորագոյն զէնքը իրաւագիտութիւնն է: Ըստ Տէրտէրեանի՝ բռնագաղթը ցեղասպանութենէն աւելի մեծ ոճիր է, եւ արեւմտահայ սփիւռքահայերուն երկքաղաքացիութիւն ստանալը արեւմտահայութեան դատին վնաս է:
Գասպար Տէրտէրեան կարեւոր նկատեց Տարագիր արեւմտահայութեան համաշխարհային քոնկրեսի ստեղծման հրամայականը:
Հեղինակը վաւերական, իրաւագիտական փաստաթուղթեր եւ պատմական կարեւոր վկայութիւններ յիշատակելով՝ իր տեսակէտները յայտնեց ներկաներուն:
Շնորհահանդէսին աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին գիրքի հեղինակին:
Կատարուեցաւ գիրքի մակագրութիւնը: