Մեծ յարմարութիւն է. քաղաքի հայկական բոլոր նպարավաճառները ունին խունկի բազմաբոյր տեսակներ:
– Բարեւ, երկու կապոց խունկ կրնա՞մ առնել:
– Սիրով: Ածուխ ալ կ՛ուզէի՞ք:
– Լաւ կըլլայ… Կը ներէք, ձեր ծախած բոլոր խունկերուն վրայ ինչո՞ւ կը գրէ Myrrh եւ Frankincense:
– Չեմ գիտեր, մենք անոնք Լիբանանէն բերել կու տանք: Չորս տոլար, 80 սենթ:
***
Նոյն օրը, եկեղեցւոյ մէջ նահատակներու ոգեկոչման իրիկնային պատարագն է:
Ջահերու լոյսին տակ վեհաշուք եւ հոգեգրաւ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի երբ բուրվառները,
շխկրտալով կը սկսին ճօճուիլ եւ թաւշեայ մշուշը դարաւոր կարօտով մը համբոյր կը ձգէ հաւատացեալներու ճակատներուն վրայ: Այդ հանդարտ պահուն կարելի կ՛ըլլայ նաեւ մտաբերել myrrh եւ frankincense բառերու պատմութիւնը:
Myrrh բառին բուն ձեւը «մուռ»՝ արամերէն է, Յիսուս Քրիստոսի խօսած լեզուն: Կը նշանակէ «դառն»: Տարածուած է բազմաթիւ լեզուներու մէջ. եբրայերէն «մօռ», արաբերէն «մուռ», լատիներէն «myrrha», ֆրանսերէն եւ գերմաներէն «myrrhe», յունարէն, ռումաներէն, սերպերէն՝ «սմիռնայ»: Իսկ հայերէնը՝ «զմուռս», Մուշի մէջ «զմուռ», Թիֆլիսի մէջ «զմբուր» եւ ըստ Ամատունի վարդապետի «Հայոց Բառ ու Բան»ի, Երեւանի բարբառով՝«զմբուր»չ: Հին եգիպտացիները այս խէժը նաեւ կնդրուկ կը գործածէին՝ իրենց մեռելները զմռսելու համար: Իսկ Հին Կտակարանի մէջ յիշուած է, թէ ան կը գործածուէր որպէս անուշահոտ իւղ, դեղանիւթ եւ որպէս հականեխիչ ծուխ: Յիշել կ՛արժէ, թէ խորանի վրայ զոհաբերութեան ժամանակ գարշահոտութիւնը հեռացնելու համար խունկ կը վառէին: Խունկը նուիրական էր եւ աստուածներու համար՝ հաճելի: Երբ Յիսուս մանուկ կը ծնի, երեք մոգեր անոր կը բերեն երեք նուէր: Մէկ հատը զմուռսն էր: Իսկ խաչելութեան ժամանակ Յիսուսին կու տան զմուռսով խառնուած գինի հռովմէական սովորութիւն մը, որպէսզի խաչեալները դիմանան այդ չարչարանքին: Իսկ թաղման յաջորդ օրը, գերեզմանի վրայ խունկ վառած են Յիսուսի անապակ մարմինը օծելու համար ու մինչեւ այսօր եկեղեցին շիրիմները կը խնկարկէ:
Խունկի այս ընտիր տեսակը, Commiphora Myrrha կոչուած ծառի բնական խէժն է: Ծառը ունի իւրայատուկ բնաշխարհ. կը բուսնի հարաւային Կարմիր ծովը եզերող երկիրներու մէջ միայն. Եթովպիա, Սոմալիա, Էրիթերիա եւ Եմէն:
Զմուռսը ունեցեր է առեւտուրի յատուկ ճանապարհ, ինչպէս ունեցեր են մետաքսն ու սաթը: Ան Արաբական թերակղզիէն կարաւաններով ճամբայ կ՛ըլլէր, կը հասնէր նապատեացիներու Պետրա վաճառաշահ մայրաքաղաքը, ապա՝ Միջերկրական:
Սովորութիւն է զմուռսը խառնել խունկի frankincense կոչուած երկրորդ տեսակի մը հետ: Ստուգաբանութեամբ, ան խունկերուն ամէնէն իրականն է: Կը փաստէ իր հին ֆրանսերէն արմատը. Franc զուտ, իսկական, հարազատ, ազնիւ, բարձրորակ:
Այս մէկը Bosewilla կոչուած ծառատեսակի բուրումնաւէտ խէժն է: Կու գայ Սոմալիայէն, եւ մեծագոյն սպառողն է Հռոմի եկեղեցին: Ան ձեռք կը բերուի ծառը կեղուելով: Երբ աւիշը դուրս կու գայ, կը կարծրանայ, կը վերածուի կաթիլներու, որոնք կը կոչուին «արցունք»:
Frankincense խունկը Եւրոպա հասած է Խաչակիրներու ժամանակ, երբ ստացեր է նաեւ olibanum անունը: Այս մէկը արաբերէն «ալ-լուբան»ն է, որ կը նշանակէ «կաթող, կայլակող»: Ըստ մէկ այլ ստուգաբանութեան, ան կը նշանակէ «լիբանանեան», ուրկէ կը ներածուէր: Այս խունկը Եւրոպա հասնելու համար կը գործածէր ծովային եւ ցամաքային ճանապարհներու ցանց մը: Նախ կը հասնէր Եգիպտոս, ապա Լեւանտի նաւահանգիստները եւ Վենետիկ: Իսկ հայոց «խունկ»ը, որուն նուրբ ամպով ծածկուած է հիմա եկեղեցին, պահլաւերէն է: Ան մեր հոգիներուն չափ, հարստացուցեր է նաեւ մեր լեզուն. խնկարկել, խնկալից, խնկակալ, խնկաղաց, խնկենի, խնկիչ, խնկարկու, խնկաբոյր: Փոխաբերական իմաստով՝ մաքրութիւն, անարատութիւն, մեծարել, օրհնաբանել:
Աղօթք եւ խունկ բոլոր նահատակներու յիշատակին, ու ըստ Աճառեանին՝ «խունգ» բոլոր Ալաշկերտցիներուն, Զէյթունցիներուն, Խարբերդցիներուն, Սեբաստացիներուն, Հաճընցիներուն, Համշէնցիներուն, Մշեցիներուն, Ռոտոսթոցիներուն, «խունգ» բոլոր Վանեցիներուն եւ Մոկքցիներուն, «խիւնգ» Ասլանբէգցիներուն եւ «յունգ»՝ բոլոր Այնթապցիներուն: