
2) Համահայկական Միասնականութիւնը Դեռ Առջեւն Է, Տակաւին Պիտի Հասնինք…
Մեծ Եղեռնի 100ամեակին գլխաւոր դասերու կարգին իր հիմնական տեղը ունի համահայկական մեր միասնականութեան պատմական ամրագրումը։
Դարակազմիկ նուաճում մը արձանագրեցինք Հարիւրամեակին, երբ պատմական նախընթաց հաստատելով՝ վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային պետականութեան շուրջ բոլորուեցանք եւ համազգային բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, միասնաբար որդեգրեցինք ու Հայաստանի նախագահին բերանով քաղաքակիրթ աշխարհին ներկայացուցինք Մեր Դատը բանաձեւող Հարիւրամեակի Համահայկական Հռչակագիրը։
2015ի առաջին ամիսներուն շատ խօսուեցաւ, գրուեցաւ եւ շեփորուեցաւ Երեւանի մէջ, Յունուարի վերջին օրերուն, հայոց երկու հանրապետութեանց նախագահներով, զոյգ կաթողիկոսներով ու հոգեւոր պետերով, ազգային երեք կուսակցութիւններով, աշխարհասփիւռ հայութեան քաղաքական ու հասարակական գլխաւոր կազմակերպութիւններով ու երեւելի անձնաւորութիւններով՝ Ծիծեռնակաբերդի անշէջ հուրին շուրջ հաւաքուած համահայկական ղեկավարութեան հնչեցուցած Հռչակագիրին մասին։
Բնականաբար ազգովին ցնծացինք ու հպարտացանք, որ թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, նահատակուած մեր ժողովուրդին վերապրելու կամքը, ներուժը եւ վճռակամութիւնը հանդիսաւորապէս ցուցադրեցինք արար աշխարհին՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն բարձրաձայն ու միաձայն ազդարարելով բոլորին, մանաւանդ թրքական պետութեան, որ թէ՛ կը յիշենք հայ ժողովուրդին դէմ գործուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, թէ՛ կը պահանջենք մեր Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
Հիմա որ արդէն պատմութեան կը պատկանի Հարիւրամեակը, որքանո՞վ առարկայական, այլեւ հիմնաւոր է համահայկական մեր միասնականութիւնը ամրագրած ըլլալու ակներեւ ու վարակիչ ոգեւորութիւնը։
Փաստ է, որ Հայ Դատի պահանջատիրութեան առումով ազգային միասնականութեան հաստատ քայլեր ազգովին մենք նետած ենք Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակէն ի վեր։
Կարելի չէ մտահան ընել, որ թրքական պետութենէն հայ ժողովուրդի հաշւոյն Իրաւունք եւ Արդարութիւն պահանջած ենք տակաւին 1960ականներէն, երբ՝
– Խորհրդային Հայաստանի մէջ Կրեմլեան Բարձր Քաղաքականութեան կը ստորադասուէին հայ ազգային Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
– Իսկ Սփիւռքի տարածքին երեքկուսակցութիւններով իրարու գլուխ կը կոտրէինք՝ պահանջատիրական մեր միացեալ ցոյցերու ընթացքին Հայոց պանծալի Եռագոյնը պարզելու թէ չպարզելու վէճին շուրջ…
Կասկածէ վեր է, նոյնպէս, որ Մեծ Եղեռնի Վաթսունամեակէն՝ 1975ին հրապարակուած ազգային երեք կուսակցութեանց պահանջատիրական միասնութիւնը ամրագրած Հռչակագիրէն ասդին, նոյնիսկ խորհրդային մականին տակ իր պետական գոյակերպը քաշկռտելով հանդերձ՝ Խորհրդային Հայաստանը ձեւերը եւ միջոցները փնտռեց ու գտաւ, որպէսզի՝
– Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը ապահովելու ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախաձեռնութեանց, այս կամ այն չափով, իր զօրակցութիւնը հաստատէ պետականօրէն, որքան որ ատիկա հնարաւոր էր այդ ժամանակուան միջազգային գործարկումով (պրակտիկայով՝ ինչպէս պիտի ըսէին ատենին Երեւանի մէջ)…
Չմոռնանք, վերջապէս, որ 1988էն սկսեալ, երբ այդ տարուան Օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով Արցախի ազատագրումը հռչակուեցաւ Հայ Դատի պայքարին ներկայ հանգրուանի առաջնահերթ օրակարգը, հայ քաղաքական միտքը ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի քայլ առ քայլ նուիրագործեց՝
– Թէ՛ Հայկական Պահանջատիրութեան շուրջ պետական, քաղաքական եւ հասարակական իր միասնականութիւնը,
– Թէ՛ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միասնական առաջնահերթութիւնը, որ Արցախի անկախութեան միջազգային իրաւական ճանաչումով հունաւորուած Միացեալ Հայաստանի նուաճման համահայկական առաջադրանքն է։
Որքան ալ հիմնարար ու կարեւոր, վճռորոշ այդ քայլերը սակայն, վերջին հաշուով, պարզապէս նախապատրաստեցին Մեծ Եղեռնի 100ամ-եակին առիթով հանդիսադրուած Համահայկական Միասնականութեան պետական դրսեւորումը։
Միաժամանակ՝ ըստ էութեան արդէն ամրագրուած համահայկական միասնականութիւնը աշխարհին ցուցադրող պետական շքերթ էր եղածը։
Այո՛, պաշտօնական շքերթ կը հնչեցնէր Հարիւրամեակի Համահայկական Հռչակագիրին ծիծեռնակաբերդեան շեփորումը։
Որովհետեւ՝
– 1970ականներուն, հայրենահան հայութեան տարագիր կեանքին մէջ ծաւալած Հայ Դատի ուժական պայքարը, արդէն, հիմնաքարը դրած էր միասնական մեր պահանջատիրութեան։
– Իսկ 1988էն ասդին, Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման զուգահեռ՝ համաժողովրդային պայքարով, հայրենի հայութեան հետ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութիւնը հայոց ազգային պետականութեան նորահաստատ իշխանութիւնները դրին Հայ Դատին իրաւատէր կանգնելու աւագ պարտաւորութեան առջեւ։
Այսինքն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը ապահովելու համահայկական պահանջատիրութիւնը ծնունդ չառաւ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին, այլ պարզապէս ազգային–պետական իր միասնական մկրտութիւնը ստացաւ 100ամեակին առիթով։
Կը նշանակէ, որ համահայկական միասնականութեան քաղաքական օրակարգը տակաւին կը սպասէ իր լիարժէք ամրագրումին, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման միասնական կեցուածքէն անդին՝ դեռ յստակացած չեն միասնականութեան հիմերը Հայ Դատի Պահանջներուն շուրջ։
Անշո՛ւշտ բոլորս ալ կը յիշենք ու կը պահանջենք։
Բայց ի՞նչ կը պահանջենք։
Անտեսե՞նք, որ Ապրիլ 24ը հազիւ անցած՝ Հայաստանի այսօրուան նախագահն ալ յայտարարեց, թէ Հայաստան հողային պահանջ չի ներկայացներ Թուրքիոյ…
Կամ՝ մոռնա՞նք, որ Հայաստան դեռ յետս կոչած չէ իր ստորագրութիւնը 2009ի Հայ եւ թուրք կործանարար Արձանագրութիւններէն։
Դեռ չենք անդրադառնար հայաստանեան մամուլի էջերուն Ապրիլ 24ի օրերուն տեղ գտած այն արտայայտութիւններուն, որոնք մտավախութեամբ դիտել կու տային, թէ Ֆրանսիս պապի կամ Եւրոպական Խորհրդարանի հայանպաստ ելոյթներէն բարկացած Թուրքիան կրնայ իր կատաղութիւնը ամբողջ սաստկութեամբ թափել Հայաստանի վրայ…
Մանաւանդ չենք ուզեր անդրադառնալ մեր հասարակութեան որոշակի՝ թերեւս շատ փոքրաթիւ այն հատուածին, որուն ներկայացուցիչները 2015ի օր ցերեկով բանտ նետուեցան՝ «100ամեակը առանց ռեժիմ»ի ոգեկոչելու իրենց քաղաքական վարքագիծին համար, մեղադրուելով իբրեւ հանրային անդորրութեան սպառնացող անկարգներ եւ խռովարարներ…
Ո՛չ, չենք ուզեր մխրճուիլ կողմնակի կամ մասնակի խնդիրներու մէջ։
Ոչ ոք իրաւունք ունի թերագնահատելու ազգովին մեր կտրած կարեւոր ուղին եւ արձանագրած նուաճումները համահայկական միասնականութեան ամրագրման դժուարին ճամբուն վրայ։
Բայց նաեւ բաւարար իրատեսութիւնն ու արթնամտութիւնը պարտք ենք գալիք սերունդներուն, որպէսզի ընդունինք եւ խոստովանինք, որ Հայ Դատի պահանջատիրութեան շուրջ ազգային լիարժէք միասնականութիւնը դեռ մեր առջեւն է։
Տակաւին ուղի պէտք է հարթենք եւ խոչընդոտներ յաղթահարենք, որպէսզի ազգային եւ պետական մէկ ու ամբողջական մտածողութիւն արմատաւորենք։
Սեւրի դաշնագիրին օրինակով միջազգային պարտամուրհակներ յիշատակող Հռչակագիրով՝ հայ ժողովուրդի ազգային–քաղաքական անժամանցելի իրաւունքներուն տէր ու պահանջատէր կանգնած չենք ըլլար։
Հողային ու քաղաքական հատուցման մեր պահանջներուն շուրջ՝ համահայկական միասնականութեան տակաւին պիտի հասնինք։