ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անձրեւ, ձիւն, կարկուտ, հեղեղ, փոթորիկ, բուք ու բորան, բոլորն ալ ձմրան եղանակին հետ առնչուած իմաստ ու բովանդակութիւն ունին: Սակայն անոնք նաեւ փոխաբերական նշանակութեամբ օգտագործուող նիւթեր են, ցոյց տալու այդ եղանակին նմանութիւնը մարդու բնաւորութեան հետ:
Այստեղ, մոլորակի բնութիւնը եւ մարդ էակի բնաւորութիւնը կը համեմատուին, անոնց միջեւ հասարակաց գիծեր յայտնաբերելու եւ բարոյական դասեր քաղելու համար:
Վստահաբար հանդիպած էք այնպիսի անձերու, որոնք ամպամած կամ անձրեւային օրերուն անտրամադիր կ՛ըլլան, ու նոյնիսկ չե՛ն ուզեր աշխատանքի երթալ: Ուրիշներ ընդհակառակը, աշխատելու բարձր տրամադրութեամբ կը լծուին գործի, յայտնելով շրջապատին, թէ նման կլիմայ մեծապէս կը նպաստէ իրենց կեդրոնանալու եւ գործ արտադրելու: Անշուշտ այս պարագային դուրսի աշխատանքներու մասին չէ՛ խօսքը, այլ շէնքերու մէջ կամ գրասենեակային աշխատանքներու: Այսպիսի անձեր նոյնիսկ ամրան եղանակը կամ պայծառ օրերու ջերմութիւնը իրենց համար թուլացնող կը նկատեն, որովհետեւ մարմնական տկարութիւն զգալով եւ միտքի պայծառութիւնը կորսնցնելով, չեն կրնար որեւէ աշխատանք տանիլ:
Ձմրան ամպամած ու փոփոխական եղանակները նաեւ կը մտահոգեն դաշտերու մէջ վարուցանք ընող մշակները, որոնք ամրան շոգն ու կիզիչ արեւը «վայելելով», երբ իրենց արտերը կը մշակեն ու ցանքը կը կատարեն, չեն ուզեր բնաւ, որ այդ աշխատանքը փճանայ կարկուտի անխնայ հարուածներով կամ անզսպելի անձրեւային հեղեղներու «լուացումներով»: Անոնք ակօս առ ակօս խնամած իրենց ցանքերը հասունցած տեսնելու յոյսով, ամէն օր կը հսկեն, սակայն բնութեան դէմ չեն կրնար պայքարիլ, երբ յանկարծ, չսպասուած մէկ պահուն կարկուտը հարուածէ արդէն իսկ ծլած ու ծաղկած ծառերը, կամ լայնարձակ տերեւներով բանջարեղէնը: Սեւ հետքերով վիրաւոր պտուղները, որոնք երբեմն շուկայի վրայ աժան արժէքով կը յաջողինք ձեռք բերել, կարկուտի «արուեստի գործեր» են յաճախ:
Արեւային տաք եղանակն ալ իր տարբեր ազդեցութիւնը ունի մարդու ո՛չ միայն ֆիզիքականին, այլ նաեւ հոգեկան ապրումներուն վրայ: Ոմանք կարօտով կը սպասեն ամրան եղանակը, վայելելու համար պայծառ ու ջերմացնող արեւը: Այն երկիրներուն մէջ, ուր արեւու լոյսը շատ քիչ կը տեսնեն բնակիչներ, ամրան տաք եղանակին մեծ սիրով կ՛երթան ոսկեայ աւազ ունեցող ծովափներ, իրենց մարմինը ջերմացնելու արեւու կենսանիւթով: Անշուշտ ամէն բանի մէջ չափաւորութիւնն է միշտ նախընտրելին, որովհետեւ արեւու լոգանքի յաւելեալ չափազանցումի պարագային ալ մորթային քաղցկեղի վտանգը կը սպառնայ մարմինին, ու այլ բարդութիւններ կը յառաջացնէ անոր մէջ:
Վերադառնալով նիւթին բարոյական նշանակութեան եւ կեդրոնանալով յատկապէս դէմքի արտայայտութիւններուն, որոնք բարացուցիչ են մարդկային զգացումներու, նկատելի է, որ ոմանց դէմքը միշտ ժպտուն է: Նոյնիսկ կարելի է զանոնք «Ժպիտ» անունով կանչել, քան այն անունով, որ կոչած են զիրենք իրենց ծնողները: Ժպիտը, ըստ կենսաբաններու, երբեմն մինչեւ իսկ երկարակեցութեան պատճառ կը դառնայ: Ուրախութիւնը, սակայն, պէտք չէ՛ շփոթել կեղծիքի կամ յիմարութեան հետ: Ոմանց դէմքին վրայ ժպիտը այնքան առատ է, որ իրենց հետ առաջին անգամ հանդիպում ունեցողներու համար անոնք կը թուին ելլալ «երջանիկ»ներ: Երջանկութիւնն ալ, սակայն, ունի իր եզրաբանութիւնը, կամ՝ կեանքի երեւոյթներուն համապատասխան տրուած բացատրութիւնը: Ուրեմն, եթէ ժպտացող դէմքերը փոխաբերական իմաստով ներկայացնելու համար կարելի է օգտագործել «արեւային պայծառ եղանակ»ի նմանութիւնը, պէտք է «անձրեւային եղանակ»ի պատկերը օգտագործել տխուր դէմքով եւ միշտ մտահոգ մարդոց արտայայտութիւններուն համար: Սակայն բոլորովին ճիշդ չէ՛ այս համեմատութիւնը: Ընդհակառակը, «անձրեւային եղանակի դէմք» ունեցող մարդիկ ընդհանրապէս երջանիկ ու անհոգ, եւ մինչեւ անգամ անտարբեր անձեր են…
_ Ոմանց դէմքին վրայ միշտ անձրեւային եղանակ է, կ՛ըսէր իր ամէնօրեայ անվստահելի գործընկերոջ զեղծածար գործակցութենէն զզուած անձ մը: Ան կը յիշէր հայկական ծանօթ առածը. «Աներեսի երեսին թքեր են, ըսեր է՝ անձրեւ կու գայ»:
Ահա թէ ինչպէս մնայուն «անձրեւային եղանակ» կը տիրէ ոմանց դէմքերուն վրայ: Ասոնք այն տեսակի մարդիկ են, որոնց համար ամօթի զգացումը վաղուց ժամանակավրէպ գաղափար դարձած կ՛ըլլայ: Անոնց համար արեւային եղանակ, կամ ամրան տօթ ու ջերմութիւն գոյութիւն չունին: Զարմանալի է, որ նման մարդիկ հովանոց իսկ չեն գործածեր իրենց դէմքին ցնցուղուող թուքերէն պաշտպանուելու համար, այլ՝ ամենայն ուրախութեամբ ու երջանկութեան զգացումով, մինչեւ իսկ լայն ժպիտ ուրուագծելով իրենց դէմքին, կ՛ըսեն.
_ Անձրեւ կու գայ:
Հովանոցը իր բարոյական հասկացողութեամբ ամօթխածութեան խորհրդանիշ է: Ամէն մարդ մեծ կամ փոքր չափի «հովանոց»ներու կարիք ունի իր կեանքին մէջ, իր ամօթխածութիւնը արտայայտելու համար: Ամէնէն յանդուգն անձերն ալ երբեմն կարիքը կը զգան անոր, որովհետեւ ամօթխածութիւնը բարոյական դաստիարակ մըն է մարդուն կեանքը կառավարող: Անոր աստուածաբանական եզրը՝ աստուածավախութիւնն է, որ իր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ մարդկային անսանձելի կիրքերը հակակշռող ուժ կը ներկայացնէ ինքնին:
_ Անձրեւ կու գայ:
Այս կարճ նախադասութիւնը բարոյականութեան պակաս ունեցող մարդոց բերանին մէջ շատ կը լղորճուի, որ, թէեւ իրենց համար հաճելի, սակայն լսողներուն համար զզուելի արտայայտութիւն մըն է: Եթէ միայն բնութեան համար ըսուած ըլլար այդ խօսքը, գէթ մխիթարուէինք մշակներուն հետ, որ երկնային ցնցուղով Աստուած կը ջրէ ցանքը, ու բարեբեր կը դարձնէ հողը: Սակայն, դժբախտաբար այդ կարճ նախադասութեան բարոյական իմաստը շատ հեռու է նման բարի արդիւնքէ, ու ընդհակառակը, բարոյականութեան քօղը պատռած մարդոց երեսին վրայ թափուած թուք ու մուրի կեղտն իսկ լուալու հնարաւորութիւնը չունի: Անձրեւային եղանակը այդպիսիներու դէմքին վրայ մնայուն հանգամանք ունի: Որովհետեւ արեւային եղանակը կրնայ չորցնել ու փոխել անոնց դիմագիծը: Իսկ նման անձեր կ՛ուզե՞ն տարբեր եղանակ: Անոնք հպարտութեամբ ու գոհունակութեամբ միշտ կ՛ըսեն «անձրեւ կու գայ», ամէն անգամ երբ մարդիկ թքեն իրենց երեսին: Այդ է, որ մեզ կը համոզէ եզրակացնել, թէ՝ արեւային եղանակ չեն ցանկար անոնք երբե՛ք…