ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան «Հայապահպանութեան գործում ունեցած մեծ վաստակի, Սփիւռքում հոգեւոր արժէքների պահպանման, զարգացման եւ տարածման գործում ներդրած բացառիկ աւանդի համար» «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը:
Գիտութեան, արուեստի, կրթու-թեան, տնտեսութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ ակնառու հասարակական գործիչներու տրուող պարգեւին արժանացնելով, Արամ Ա.ին նախագահը պետականօրէն գնահատած է կաթողիկոսը, որ իր հոգեւոր գերագոյն ղեկավարի հանգամանքով՝ նման գնահատանք ստանալու ակնկալութիւն կամ սպասում դժուար թէ ունենայ: