ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 26 Մայիսի երեկոյեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Դամասկոսի եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։ Ան հաստատած է, որ Հայաստան սուրիահայութեան կողքին է՝ իր բոլոր կարելիութիւններով։
Ան ներկայացուցած է Դամասկոսի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները եւ հաստատած, որ Հայաստանի իշխանութիւնը մնայուն կերպով ուշադրութիւն կը դարձնէ սուրիահայութեան խնդիրներուն, որուն վկայութիւններէն է այն, որ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը արդէն քանի մը տարիէ միակ գործող օտար ներկայացուցչութիւնն է Հալէպի մէջ:
«Հայաստանն իր բոլոր հնարաւորութիւններով սիրիահայութեան կողքին է եւ իր կարողութիւնների սահմաններում շարունակելու է աջակցել նրանց ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ՝ Սիրիայում», հաստատած է նախարար Նալբանդեան։
Սուրիահայութեան ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնած են Սուրիա տրուած այս այցելութեան համար՝ զայն բնորոշելով որպէս սուրիահայութեան հետ համերաշխութեան եւ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած հայրենակիցներուն աջակցելու դրսեւորում: Սուրիահայերը կարեւոր նկատած են Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխոյժ գործունէութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան պատասխանած է ներկաները յուզող խնդիրներէն բխող տարբեր հարցումներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.