ԴՈԿՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
Նոր կարդացի գրչընկերոջս՝ Պօղոս Գուբելեանի «Ազգատոհմիս Գողգոթան. Առաքելութիւն Դէպի Մարաշ» վէպը, զոր գրողը անձամբ տրամադրեց ինծի՝ անոր մասին զգացումներս փոխանցելու համար: Հարցերը միտքիս մէջ թարմ ըլլալուն համար, ուզեցի թուղթին յանձնել զանոնք:
Հայոց Ցեղասպանութեան բազմապիսի հետեւանքներէն մին, որ այս պարագային կը չարչրկէ մեզմէ շատերուն միտքը, այն է, որ մեր նահատակներուն մասին այնքան ալ տեղեկութիւն չունինք: Սերունդէ-սերունդ անցնող նման պատումները մարդկային կարեւոր հանգանակ են ու շարունակականութիւնը ապահովող հիմք կը ծառայեն:
Ի՞նչ պէտք է ընել, սակայն, եթէ դէպք մը պատճառ դառնայ ընտանեկան պատումի շարունակականութեան կասեցման: «Պիտի ստեղծել զայն», ինչպէս կ՛ըսէր գիտնական Մարկ Նշանեան. «Պիտի ստեղծել այդ մասին թղթածրար»: Այդ մէկը կարող ես ստեղծել, եթէ ունիս պատումին հարկաւոր փաստաթուղթերը… Իսկ ինծի կամ Պօղոսին պէս մարդոց համար, որ չունինք նման փաստաթուղթեր… ի՞նչ պէտք է ընենք…
Պօղոսը կարծէք գտած է այս թնճուկի բանալին: Իր այս վիպականացուած պատում պարունակող վէպով ան կը փորձէ պատում ու շարունակականութիւն ապահովել իր ընտանեկան պատումի շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Այդ մէկը կատարելով, ան բոլորիս համար, որ չունինք այն պատումի տուեալները, ան կը ստեղծէ ձեւ մը, զայն գրի առնելու ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու:
Ատեններ երանի կու տամ այն մարդոց, որոնք Ցեղասպանութեան զարհուրելի փորձաքարէն անցած իրենց նախնիներու վերաբերող փաստաթուղթեր ունին իրենց մօտ. կենսագրական պատումներ, իրենց հողերու կամ կալուածներու կառավարական փաստաթուղթեր, մասունքներ եւ այլն… Երանի կու տամ, որովհետեւ ես կամ իմ զաւակներս զրկուած ենք նոյնիսկ անոնցմէ…
Իբրեւ գրող, Պօղոս կրցած է շրջանցել այս «տիլեմա»ն ու գտնել ձեւը, որ կրնայ տարբեր ձեւերով իբրեւ նմոյշ ծառայել Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ընտանիքներուն, որ իրենք ալ պատրաստեն նման պատումներ: Այո՛, բոլորս ալ Պօղոսին նման գրելու յատկութիւնը չունինք, սակայն իրմէ դաս առնելով, կրնանք այն քիչով, որ մեր մօտ կայ, շարադրել պատում մը, որ իբրեւ մասունք բանի՝ կը մնայ մեր ընտանիքներուն ու յաջորդներուն:
Ես վէպի գրական յատկանիշներուն մասին պիտի չգրեմ: Այդ մէկը կը ձգեմ մարզի մէջ մասնագէտ մեր գրչընկերներուն: Սակայն, իբրեւ պատմաբան, ես վերեւի վերլուծումովս կը հասկնամ Գուբելեանի այս վէպի կարեւորութիւնը…
Վէպը նախ տպուած է անգլերէն թարգմանութեամբ ու ներկայիս՝ հայերէնով: Պիտի խնդրեմ ընթերցողներէն, որ անոր անգլերէն օրինակը (եւ ի հարկին հայերէնը, եթէ ընթերցելու կարողութիւնը կայ) տրամադրեն 15 տարեկան ու անկէ վեր իրենց թոռներուն ու զաւակներուն, որոնք կրնան մասամբ հաղորդուիլ այն տառապանքին հետ, որ մեզ՝ իրենց տարեց սերունդը, կը հիւծէ ցայսօր…