ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 16 Յունիսին կայացած յատուկ ժողովի մը ընթացքին Գրողներու միութեան անդամներուն քուէարկութեամբ որոշուեցաւ, որ ասկէ ետք Հայաստանի Գրողներու միութեան ղեկավար մարմինի ընտրութիւնը չորս տարին անգամ մը տեղի ունենայ։ Նախապէս մարմինը կ՛ընտրուէր երկու տարին մէկ։
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Դէմիրճեան:
«Այս փոփոխութիւնների առաւելութիւնն այն է, որ եթէ նախկինում ղեկավար կազմը ընտրւում էր երկու տարով, այդ ժամանակահատուածն անչափ քիչ էր 500 հոգուց աւելի անդամ ունեցող կազմակերպութեան նախագծերը իրագործելու համար: Իսկ չորս տարին մէկ ընտրութիւնների իրականացումը բաւարար է նախագծած աշխատանքները իրականացնելու համար», նշած է Պետրոս Դէմիրճեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ 2013ի օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութեան հիման վրայ՝ «միութիւն» բառ բովանդակող կազմակերպութիւնները պէտք է վերանուանուէին: Սակայն նախորդ տարի Ազգային ժողովը որոշում տուած էր հասարակական կազմակերպութիւններուն վերաբերեալ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարել:
«Հաշուի առնելով հասարակական կազմակերպութիւնների օրէնքում տեղ գտած նոր փոփոխութիւնները՝ մենք եւս պէտք է փոփոխութիւն կատարենք մեր կանոնադրութեան մէջ, որպէսզի այն համապատասխանեցնենք հասարակական կազմակերպութիւնների մասին օրէնքի պահանջներին: Արդիւնքում համաժողովների իրականացման յաճախութեան կրկնակի կրճատումից եւ այդ համաժողովների փաստաթղթերի պահպանման ժամկէտների երկարաձգումից բացի, հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց անուանումների մէջ կրկին հնարաւորութիւն ունեն գործածելու «միութիւն» բառը», տեղեկացուցած է Պետրոս Դէմիրճեան: Այսպիսով՝ «Հայաստանի գրողների միաւորում» ՀԿ-ն այսուհետեւ կրկին պիտի ստանայ «Հայաստանի Գրողների միութիւն» իրաւաբանական անուանումը:
Ժողովէն ետք Պետրոս Դէմիրճեան տեղեկացուցած է, որ ժողովին ներկայ եղած են միութեան 101 անդամներ: Իրենց քուէարկութիւնները նախօրօք համացանցի միջոցով ուղարկած էին միութեան անդամակցող գրողներ մարզերէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Քուէարկութեան մասնակցող անդամներուն գերիշխող մասը թեր էր փոփոխութեան եւ միայն մէկը՝ ձեռնպահ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.