ՀԱԼԷՊ.- Սուրիական կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիրներու միջեւ ծաւալող ռազմական գործողութիւններու կիզակէտին գտնուող Հալէպ քաղաքին մէջ արդէն 3 շաբաթէ ի վեր խմելու մաքուր ջուր չկայ:
English.alarabiya.net կը փոխանցէ, որ տուեալ իրավիճակի ստեղծման պատճառը այն է, որ քաղաքի միակ ջրամատակարարման կայանը չ՛աշխատիր: Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ ջրհան կայանը փակուած է վառելիքի բացակայութեան պաճառով, իսկ այլ աղբիւրներ կը պնդեն, որ կայանը միտումնաւոր փակած են իսլամ ընդդիմադիրները:
Անցեալ 20 օրուան ընթացքին հալէպցիները ստիպուած եղած են գնելու մեքենաներով բերուած չզտուած ջուր, որուն օգտագործումը բազմաթիւ թունաւորումներու պատճառ դարձած է: Բացի ատկէ, շատեր ջուր կը հանեն ջրհորներէ, որ դարձեալ վտանգաւոր է առողջութեան համար: