ԵՐԵՒԱՆ.– Յունիս 17ին «Պաշտպանութեան ոլորտում բարեվարքութեան ամրապնդում» նախաձեռնութեան, ծրագրային պիւտճէաւորման եւ ներքին հաշուեքննութեան կատարելագործման գործընթացի ծիրին մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ քննարկուած են այդ ոլորտներուն մէջ իրականացուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։
Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ղեկավարութեամբ կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին ոլորտի պատասխանատուներուն կողմէ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուած է այն հանգամանքը, որ վերջին շրջանին զինուած ուժերու շարքերուն մէջ էապէս բարելաւուած են ներքին կառավարման բարոյագիտութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը, նուազած են փտածութեան վտանգները, ամրապնդուած են գնումներու գործընթացի ապագաղտնիացումն ու թափանցիկութիւնը, վիճակահանութեան սկզբունքի ներդրման շնորհիւ նկատելի յառաջընթաց արձանագրուած է նաեւ զօրակոչի գործընթացին մէջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ զինուորական անձնակազմի համակողմանի, յատկապէս պարէնային ապահովման հարցերուն: Այդ առումով, ոլորտի պատասխանատուները մատնանշած են, որ հետեւողական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք, մեծապէս բարելաւուած է ազգային բանակի զինուորներուն մատակարարուող սննդամթերքի որակը: