(Ծնեալ՝ Օգոս. 14, 1973ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, կնոջ, դստեր, քրոջ, թոռան, հարսին եւ հարազատին՝ Անիթա Թորոսեան-Յակոբեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուծածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Հենրիկ Յակոբեան եւ դուստրը՝ Լիլի
Ծնողքը՝ Անդրանիկ եւ Ալվարդ Թորոսեան
Եղբայրը՝ Արմէն Թորոսեան եւ խօսեցեալը՝ Գարուն
Մեծ մայրը՝ Արեգնազ Տէր Յովակիմեան
Աները եւ կեսուրը՝ Յարութիւն եւ Նազիկ Յակոբեան
Տալը՝ Անահիտ Յակոբեան
Ընտանիքի բարեկամը՝ Վահէ Ասատուրեան
Եւ համայն Յակոբեան, Թորոսեան, Տէր Յովակիմեան, Գրիգորեան, Պետրոսեան, Պապախանի ընտանիքները եւ Շամլեան Ազգային
վարժարանի մեծ ընտանիքը
Թաղման արարողութիւնէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Vertigo Event Venue սրահին մէջ, 400 W. Glenoaks Blvd, Glendale, CA 91202։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Շամլեան Ազգային վարժարանի «Անիթա Թորոսեան» կրթական ֆոնտին։