ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Յուլիս 20ին, Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Ճ. Ուորլիք յայտնած է, որ «Կարելի չէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ համալրուած կարգաւորում ունենալ, եթէ այնտեղ չէ ներառուած կարգավիճակի հարցը»՝ նշելով, որ այդ իսկ պատճառով, անհրաժեշտ է Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտումը:
Ուորլիքի խօսքով՝ մտահոգիչ է իրարու հանդէպ վստահութեան բացակայութիւնը, որ կը խոչնդոտէ խնդիրի լուծումը: «Վստահութեան վերականգնումը չի կրնար մէկ գիշերուան մէջ ըլլալ. անիկա երկար գործընթաց է: Կար ժամանակ, երբ հայերն ու ատրպէյճանցիները կողք-կողքի կ՛ապրէին, կ՛աշխատէին, իրարու հետ կ՛ամուսնանային: Այդ օրերը անցած են: Այսօր նոր սերունդ մը հասակ կ՛առնէ: Անոնք իրարու հետ շփուելու առիթ չեն ունեցած: Մենք պէտք է այդ փոխենք», ըսած է Ուորլիք:
Բանակցային կարգաւորման գծով, ըստ անոր՝ պէտք է համաձայնութիւն ձեւաւորուի բազում հարցերու շուրջ, ներառեալ՝ փախստականներու ու ներքին տեղահանուածներու վերադարձի եւ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներու վերադարձի հարցերուն: Ամերիկացի համանախագահը վստահ է, որ Հայաստան որեւէ տարածք պիտի չվերադարձնէ առանց անվտանգութեան ամուր երաշխիքներու. բան մը, որ միջազգային անվտանգութեան առումով, կը նշանակէ միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայում:
Ուորլիք նաեւ նշած է, որ դեռ չեն հասած այն մակարդակին, ուր երկու երկիրներու նախագահներուն հետ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստին՝ քարտէսներով, եւ քննարկեն այս բոլոր մանրամասնութիւնները: Նախագահներու հանդիպում կազմակերպելու նպատակներէն մէկը այն է, որ բանակցային այս մակարդակին բերող գործընթաց մը ձեւաւորուի: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպում կ՛ակնկալուի այս տարուան ընթացքին: «Քանի դեռ ամէն ինչ համաձայնեցուած չէ, կարելի չէ որեւէ բան վերջնականապէս լուծուած համարել. այդ կը նշանակէ՝ համալրուած լուծում: Մենք «համալրուած կարգաւորում» արտայայտութիւնը կ՛օգտագործենք, որպէսզի կողմերէն որեւէ մէկը դիտարկուող խնդիրներէն չառանձնացնէ այդ կէտերը, որոնք ի նպաստ իրեն են», նշած է Ուորլիք:
Ամերիկացի համանախագահը խուսափած է լրագրողներու մանրամասնող հարցումներուն պատասխանելէ՝ ըսելով, որ անոնք պէտք է նախ բանակցային սեղանին շուրջ քնարկուին:
Իսկ թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Վիեննայի մէջ Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքին վրայ, Ուորլիքի խօսքով՝ տակաւին պէտք է տեսնել, թէ դէպի ո՛ւր կը տանի այդ համաձայնագիրը։ «Կը Ցանկանք, որ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն տիրէ, ժողովրդավարութիւն եւ բարեկեցութիւն հաստատուի: Այդ կը վերաբերի Հայաստանի բոլոր հարեւաններուն», ըսած է ան։
Ճ. Ուորլիք յիշեցուցած է, որ 2015ի Յունուարը ամենավտանգաւոր եւ մեծաթիւ զոհերով ամիսն էր՝ հրադադարի հաստատումէն ի վեր: Անոր համոզումով՝ յարաբերական անդորր հաստատուեցաւ անկէ ետք: «Պաքուի մէջ մեր ուղերձներէն մէկը պիտի ըլլայ այն, որ պէտք է պահպանուի յարաբերական անդորրը եւ յարգուի հրադադարը: Սա այն ուղերձն է, որ երկու մայրաքաղաքներուն ալ կը փոխանցենք: Յոյս ունինք, որ այս յարաբերական անդորրը կը շարունակուի», եզրափակած է ամերիկացի համանախագահը։