ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 21 Յուլիսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քիսլեր:
Նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Քիսլերը եւ յաջողութիւն մաղթած անոր՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան համար, ընդգծելով, որ ատոր համար առկայ է ամուր հիմք, եւ ստեղծուած են լաւ նախադրեալներ:
Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ յետադարձ հայեացք նետելով աւելի քան 20 տարուան պատմութիւն ունեցող հայ-գերմանական միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ՝ կարելի է փաստել, որ այդ յարաբերութիւնները սրընթաց զարգացում ապրած են:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանն ու Գերմանիան ունին կայուն քաղաքական երկխօսութիւն, աշխուժօրէն կը զարգանան միջխորհրդարանական կապերը, կայ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու զգալի ներուժ, որուն ուղղութեամբ անհրաժեշտ է երկկողմանի ջանքեր ներդրել՝ նկատի առնելով նաեւ այն, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն Գերմանիան ապրանքաշրջանառութեան քանակով Հայաստանի առաջնային առեւտրական գործընկերներէն է:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութան կողմէ Հայաստանի զարգացման ուղղուած շարունակական աջակցութեան համար: Հանդիպման ընթացքին, քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններէն բացի, երկուստեք կարեւոր նկատուած են նաեւ մշակութային, գիտակրթական, ռազմական եւ շարք մը այլ ոլորտերուն մէջ փոխգործակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է 24 Ապրիլին Գերմանիոյ նախագահին յայտարարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ, հաստատելով, որ ատիկա ուժեղ ղեկավարի յայտարարութիւն է։
Նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քիսլեր վստահեցուցած է, որ պաշտօնավարման ընթացքին ամէն ինչ պիտի ընէ շարունակելու երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը եւ նպաստելու երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ փոխգործակցութեան նոր ոլորտներու ներգրաւման: