ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան յանձնախումբի համարկման հարցերով նախարար Թաթիանա Վալովայա յայտնած է, որ միութիւնը Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն առաջարկած է սկսիլ հասարակաց տնտեսական տարածքի ստեղծման բանակցութիւններուն: Պաշտօնական նամակը փոխանցուած է Եւրոյանձնաժողովին:
Ըստ Վալովայայի՝ Եւրոմիութեան պաշտօնական առաջարկ ուղարկելու որոշումը տրուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան վարչապետներու հանդիպման ընթացքին, իսկ նամակը փոխանցուած է Հոկտեմբերի կիսուն:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան մերձեցման համար կան անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները։
Յիշեցնենք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ են հինգ պետութիւններ՝ Ռուսիա, Հայաստան, Պելոռուս, Ղազախստան եւ Ղրղզստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.