ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակը կը զուգադիպի ազգային այս կուսակցութեան բաղկացուցիչ մասերու՝ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան լծուած անոր բաղկացուցիչ մասերու, դաշնակցական միաւորներու՝ կոմիտէներու հիմնադրութեանց տարեդարձներուն:
Մեր շրջանին մէջ միայն այս տարի պիտի նշուին Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի դաշնակցական միաւորներու՝ ՀՅԴ «Ահարոնեան» եւ «Աղբալեան» կոմիտէութիւններու հիմնադրութեան յոբելենական տարեդարձները:
Արդարեւ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 21ին, ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութիւնը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան քառասնամեակը, իսկ ՀՅԴ Պըրպենքի «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը, Կիրակի, Դեկտեմբեր 6ին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան քսանհինգամեակը:
Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին, Կլենտէյլն ու Պըրպենքը կը հանդիսանան աշխոյժ հայկական կեդրոններ, եւ ոչ ոք կրնայ հերքել դաշնակցական այս մարմիններու դերակատարութիւնը՝ այդ շրջաններու կենսունակ համայնքային կեանքին մէջ:
Երկու շրջաններն ալ ունին իրենց Հայ կեդրոնները, որոնք երիտասարդական, մշակութային աշխոյժ օճախներ դարձած են: Մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած ու շարունակական ճիգերով ծաղկող այս կեդրոնները այցելողները կրնան վկայել, թէ ի՛նչ առողջ միջավայր կը տրամադրուի հոն յատկապէս մեր երիտասարդներուն եւ ընդհանրապէս տեղւոյն հայ բնակչութեան:
Երկու շրջաններն ալ տեղւոյն քաղաքական իրականութեան մէջ իրենց ներկայութիւնը օրէ օր առաւել կ՛ամրապնդեն: Կլենտէյլի պարագային, անշուշտ, այս գործընթացը աւելի երեւցող է եւ կը դրսեւորուի քաղաքի իշխանութեան վերնախաւին մէջ հայկական տիրական ներկայութեամբ: Պըրպենքն ալ սկսած է նշանակալի քայլեր առնելու այս ուղղութեամբ, եւ վստահ ենք, որ շուտով «Աղբալեանական»ներուն հետեւողական աշխատանքով, այդտեղ եւս շօշափելի արդիւնքներ պիտի ապահովուին:
Երկու շրջաններուն մէջ գործող ազգային կառոյցներն ու միութիւնները իրենց կողքին կը զգան «Ահարոնեան» եւ «Աղբալեան» կոմիտէութիւններու մշտական զօրակցութիւնը, ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրելու անոնց դաշնակցական շարքերու պատրաստակամութիւնը:
Երկու շրջաններուն մէջ գործող այս մարմինները իրենց գործունէութիւնը կրնան առաւել ընդարձակել, կրնան իրենց ծառայութեանց ոլորտները բազմացնել՝ ձե՛ր աջակցութեան շնորհիւ: Համայնքը ուժեղացնելու նախանձախնդրութիւն ունեցող հայորդիներուն կոչ կ՛ուղղենք համախմբուելու այս կեդրոններուն շուրջ ու անոնց ընդմէջէն մասնակցելու ազգային համընդհանուր երթին։