Կիրակի, 8 Նոյեմբերին, Անթիլիասի կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեանը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ ներկայացուց պարգեւատրեալին մտաւորական արգասիքը եւ կրթական վաստակը: Դոկտ. Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան մէջ գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին՝ մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան մէջ: Ան 1981-1986 դասախօսած է Հայկազեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարաններուն մէջ, 1986-2005՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, 2002ին եւ 2006-ին իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանի Արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ, 2007-2010 դասախօսած է Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ: 2010ին Շիքակոյի համալսարանին մէջ դասախօսած է «Հայ-իսլամական փոխյարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ եւ 2011ին դասախօս եղած է Երեւանի պետական համալսարանի երեք տարբեր բաժանմունքներուն մէջ: Դոկտ. Տատոյեանի «Ֆաթիմիական Հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը Միջնադարու Իսլամական Աշխարհին Մէջ» գործերը կը նկատուին ամբողջովին նոր վերլուծումներ, որոնք միջին-արեւելեան միջավայրին մէջ կը վերարժեւորեն հայոց պատմական փորձառութիւնը, յարաբերութիւններն ու դերը: Դոկտ. Տատոյեան հեղինակ է 10է աւելի հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց փրոֆ. Տատոյեանի լուրջ մտաւորականի, քննական ու վերլուծող միտքի արժանիքները:
Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին՝ այս պատիւին արժանացնելուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.