Շաբաթ, 28 Նոյեմբերի եւ Երկուշաբթի 30 Նոյեմբերի երեկոյեան, 15 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ Աւստրալիոյ կազմակերպութեան շարքերուն:
Բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսերեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան:
Դ. Իշխանեան խօսքը ուղելով նորագիրներուն՝ ըսաւ. «Այսօր ձեր կեանքին մէջ նոր հանգրուան մը պիտի սկսի: Այս հանգրուանին մէջ դուք ձեր կարելին պիտի ընէք ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար դատի լուծման»։
Դաւիթ Իշխանեան աւարտեց խօսքը՝ նորագիրներուն մաղթելով յաջողութիւն, բարի եւ անխափան երթ՝ ապագայ գործունէութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն: