ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի շրջանակներէն ներս կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը:
ԵԱՀԿի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 5ի երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի սրման առնչութեամբ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿի մշտական խորհուրդի նիստ: Մինչ այդ, Վիեննայի մէջ պիտի կայանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու հանդիպում մը, որուն պիտի յաջորդէ Մինսկի խմբակի ընդլայնուած կազմով հանդիպում:
ԵԱՀԿի մշտական խորհուրդը բաղկացած է կազմակերպութեան անդամ 57 պետութիւններու ներկայացուցիչ դեսպաններէ: