ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Չեխիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Քարել Եարոլիմը յայտարարած է, որ որոշ ակնկալութիւններ ունի Հայաստանի ազգային ընտրանիին հետ խաղէն եւ նշած, որ հանդիպումը կարեւոր է յատկապէս հոգեբանական տեսանկիւնէ:
Հանդիպման մէջ հիմնական է հոգեբանական գործօնը, որպէսզի լաւ տրամադրութեամբ մօտենանք ընտրական մրցաշարքին: Հիանալի է, որ որակաւորման փուլէն առաջ կրնանք ունենալ գոնէ մէկ նախապատրաստական հանդիպում, որ մեզի պիտի օգնէ աւելի ճիշդ որոշումներ կայացնելու Հիւսիսային Իրլանտայի հետ հանդիպումէն առաջ, յայտնած է մարզիչը, ըստ Fotbal.cz–ի։
Անոր համաձայն՝ Չեխիոյ ընտրանիին խաղացողները Հայաստանի հաւաքականի դէմ հանդիպման մօտեցած են ամենայն լրջութեամբ: Եարոլիմ ընդգծած է, որ արդիւնքը որոշիչ դեր պիտի չունենայ, կարեւորը խաղային գործընթացն է, հակառակ անոր որ իր խումբը կ՛ուզէ յաղթել Հայաստանին։
Նշենք, որ Մլատա Պոլեսլաւ քաղաքին մէջ կայանալիք Չեխիա-Հայաստան բարեկամական հանդիպումը պիտի կայանայ 31 Օգոստոսին։