ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Օգոստոս 31ին յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Սեպտեմբեր 8ին Մոսկուա պիտի ժամանեն։
«Մոսկուայի մէջ նախատեսուած են Մինսկի խմբակի համանախագահներու խորհրդակցութիւններ՝ Ռուսիան ներկայացնող Իկոր Փոփովի մասնակցութեամբ: Համանախագահները նաեւ պիտի հանդիպին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան հետ: Պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման վերաբերող հրատապ հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի Մայիս 16ին Վիեննայի մէջ, իսկ Յունիս 20ին՝ Ս. Փեթերսպուրի մէջ կայացած գագաթնաժողովներուն գոյացած համաձայնութիւններուն իրագործման ընթացքին», ըսած է Զախարովա՝ ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան։
«Այդ հանդիպումներուն հիմնական նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով երեք երկիրներու ջանքերուն համակարգումն է», եզրակացուցած է Զախարովա: