ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ո՛չ պաշտօնական խորհուրդը հանդիպում պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 1ին, Փոթստամի մէջ: Օգոստոս 31ին, հանդիպման կազմակերպիչ՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտարարեց, թէ կը նախատեսուի, որ օրակարգի բոլոր հիմնական հարցերը քննարկուին այս հանդիպման ընթացքին։
«Ճգնաժամերով լեցուն աշխարհի մէջ ԵԱՀԿի դերը ներկայիս շատ աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ. անիկա կը վերաբերի ճգնաժամային կառավարման՝ Ուքրանիոյ արեւելքը, Մերձտնեսթրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ այլ հակամարտութիւններու պարագային», ըսաւ գերմանացի նախարարը՝ ըստ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան։